ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն Հայաստանէն օդային ճամբով մեկնողներուն թիւը շուրջ 22 հազարով կը գերազանցէ ժամանողներունը։
Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հաշուետու ժամանակաշրջանին Հայաստանէն մեկնած է 976,708 ուղեւոր (803,523 ուղեւոր՝ 2013ի նոյն ժամանակաշրջանին), իսկ ժամանած է 954,846 (795,652 ուղեւոր՝ 2013ին): Մեկնողներուն եւ ժամանողներուն բացասական հաշուեկշիռը կը կազմէ 21,862 մարդ՝ Յունուար-Հոկտեմբերի 39,910 մարդու հետ բաղդատած: Մեկնած ուղեւորներու տեսակարար կշիռը ընդհանուր ուղեւորափոխադրութիւններուն մէջ 50.6 տոկոս է՝ 2013ի նոյն ժամանակաշրջանի 50.2 տոկոսի փոխարէն։
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայանները սպասարկած են 1,932 հազար ճամբորդի՝ շուրջ 333 հազարով կամ 20,8 տոկոսով աւելի 2013ի նոյն ժամանակաշրջանէն։
Բեռնափոխադրումներուն ծաւալը աճած է 3 տոկոսով՝ կազմելով 9478 միլիոն թոն, իսկ թռիչք/վայրէջքներուն քանակը աճած է 17.3 տոկոսով՝ կազմելով 9739:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.