Համբաւաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի մեկնաբանութեամբ մշակութասէրներու տրամադրութեան տակ դրուեցաւ նոր ձայնասկաւառակ մը՝ «Ընծայում», որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբերին Պոլսոյ «Ճէզայիր» շէնքի հանդիսասրահին մէջ։
Սոյն ձայնասկաւառակը, որ լոյս տեսած է «Գալան Միւզիք» հաստատութեան կողմէ, Շահան Արծրունիի դաշնակի մեկնաբանութեամբ, կը բովանդակէ դասական հայ յօրինողներու քիչ ծանօթ գործերը։ Ձայնասկաւառակի մեկենասն է ազգային բարերար եւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ կաթողիկէ հայոց Զէքիեան գերապայծառը։ Ներկայ էին համայնքային դէմքեր եւ արուեստասէրներու կոկիկ բազմութիւն մը։
Բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց «Անատոլու Քիւլթիր» հիմնարկի նախագահ Օսման Քաւալա։ Ապա ձայնասկաւառակի մասին ընդարձակ բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Շահան Արծրունի, որ պատմեց, թէ ինչպէ՞ս ծագած էր այս սկաւառակը պատրաստելու գաղափարը։ Իր հօրաքոյրը՝ Վարդուհին, 30-35 տարի առաջ իրեն յանձնած էր ձայնատետրերու տրցակ մը՝ առանց անոր կարեւորութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն տալու, բայց երեք-չորս տարի առաջ, երբ պրպտած էր զայն ու տեսած էր, որ հոն կային արժէքաւոր ձայնատետրեր եւ յօրինումներ՝ 19րդ դարու խումբ մը յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն։ Անմիջապէս գործի ձեռնարկած էր, զանոնք դաշնաւորելու եւ արուեստասէր հասարակութեան ներկայացնելու նպատակով։
«Ներկայացնելով ձայնասկառակին մէջ ընդգրկուած յօրինողները, Շահան Արծրունի դիտել տուաւ, որ իր երկու հօրաքոյրները՝ Վարդուհի եւ Թագուհի, դասեր առած էին Չուխաճեանէն ու Յարութիւն Սինանեանէն, եւ այդ հեղինակներէն ձայնատետրեր կային իրեն յանձնուած տրցակին մէջ։ «Ընծայում» կոչուած այս սկաւառակին մէջ կան այդ երկու յօրինողներուն, ինչպէս նաեւ Հրանդ Ասատուրի եղբօր՝ Յակոբ Ասատուրի, Ստեփան Բաբելեանի, Ռեթէոս Պէրպէրեանի որդւոյն՝ Օննիկ Պէրպէրեանի քիչ ծանօթ գործերը։ Կան նաեւ ստեղծագործութիւններ Թիֆլիսէն՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Մակար Եկմալեանի, Նիկողայոս Տիգրանեանի, Կենարիոս Ղորղանեանի յօրինումներէն։ Ձայնասկաւառակին մէջ ներկայացուած յօրինողներէն են նաեւ Քարոլ Միքոլի )Պզտիկեան, որ Շոփէնի աշակերտներէն մէկը եղած է եւ որուն շիրիմը կը գտնուի Լվովի հայոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ) եւ Ստեփան Էլմաս, որ Իզմիր ծնած է եւ աշակերտած է Լիցթին», կը պատմէ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» օրաթերթը։
Ձայնասկաւառակի մասին այս ընդարձակ տեղեկութիւնները փոխանցելէ ետք, Շահան Արծրունի յուշանուէր մը յանձնեց մեկենաս Պետրոս Շիրինօղլուի։
Աւարտին ներկաները «Ընծայում» ձայնասկաւառակի օրինակներէն ստացան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.