Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան կարեւորագոյն նոր յանգրուանը համարուող 100ամեակի նշումը հայութեան արդար եւ գիտակից պայքարի դրսեւորումն է, որ կը համախմբէ համայն ազգի ներուժը:
Յունահայութեան եւս ամբողջ ուժականութիւնը օգտագործելու եւ համախմբուած ու կեդրոնացած ձեւով գործելու առումով, արդէն կազմուած է Նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Յունաստանի Կեդրոնական յանձնախումբին, որ կը բաղկանայ ՀՀ դեսպանութեան ու գաղութիս միացեալ ուժերէն, պիտի կազմակերպուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարբեր բնոյթի ձեռնարկները:
Մեր ազգի արդար պահանջատիրութեան ձայն եւ հանրային շեշտադրում տալու առումով, նկատի առնուած են քաղաքական եւ մշակութային տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններ, որոնք հայութեան արդար պայքարին ու պահանջքին վրայ պիտի կեդրոնացնեն օտար հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը այնպէս, ինչպէս նախատեսուած է կատարել ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Անցնող տասնամեակներուն, Սփիւռքը կարողացաւ համախմբուիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, կորուստներու հատուցումին եւ հայրենիքի հզօրացման գաղափարին շուրջ, յաջողութիւններ արձանագրելով այս դժուար ճամբուն վրայ: Ներկայ պահուս, 100ամեակի թուականը կը համընկնի աննախադէպ զարգացումներու, ուր ուշադիր եւ զգօն պէտք է մնալ՝ հակազդելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ժխտողականութեան փորձերուն, համայն հայութեան միասնական եւ կուռ դիրքորոշումը ներկայացնելով ամբողջ աշխարհին:
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման համար մղուող պայքարը իր ծանրակշիռ նշանակութիւնը ունի համամարդկային արժէքներու պահպանման ու յատկապէս Հայաստանի անկախ պետականութեան անվտանգութեան առումով:
100ամեակի ձեռնարկներու մեկնարկը Յունաստանի մէջ պիտի տրուի 18 Յունուար 2015ին, Աթէնքի «Քալութա» (Այիոս Սոսթիս) թատերասրահէն ներս կայանալիք միջոցառումով, երբ յունահայութեան պիտի յայտարարուի 2015ի տարեկան ծրագիրը:
Բոլոր միջացառումներուն իրագործման համար անհրաժեշտ նիւթական աղբիւրները ապահովելու նպատակով, յանձնախումբս պատրաստած է կտրօններ՝ 5 եուրոյի արժէքով, որոնց տրամադրութիւնը ի մօտոյ պիտի սկսի մեր գաղութէն ներս, ապաւինելով մեր հայրենակիցներու խոր հաւատքին՝ սատար կանգնելու հայութեան պահանջատիրական կեցուածքին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումը նշանակալից ու պատուաբեր կերպով յաջողեցնելու նպատակին մէջ:
Պահանջատէ՛ր ըլլանք հայութեան արդար դատի հատուցման համար:
Վճռակա՛մ մնանք մեր պայքարը յաղթանակով աւարտելու նպատակին մէջ:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.