Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, «Երիտասարդական աշխատանք՝ յանուն խաղաղութեան» համահայկական ուսուցողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, 22 Նոյեմբերին Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ոստայնի ներկայացուցիչները, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 երկիրներէ ժամանած 60 երիտասարդներու, Պուտափեշտի եւրոխորհուրդի երիտասարդական կեդրոնի բակին մէջ ձեռք-ձեռքի տուած՝ կազմեցին 100ամեակի խորհրդանիշը: Անոնք կը կրէին «Ճանչցէք եւ դատապարտեցէք Հայոց Ցեղասպանութիւնը» մակագրութեամբ շապիկներ:
Ոստայնի նախագահ Աթոմ Մխիթարեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ պատահական չէ ընտրուած օրը, որովհետեւ 22 Նոյեմբեր 1920ին հրապարակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը որոշող իրաւարար վճիռը:
Հայ երիտասարդները շեշտեցին, որ 22 Նոյեմբերը պէտք է դառնայ ոտնահարուած արդարութեան վերականգնման, ազգային պահանջատիրութեան եւ հայ ժողովուրդէն խլուած իրաւունքներու վերականգնման օր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.