ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակական գործունէութեան դէմ վերջերս ձեռնարկուող սահմանափակումներուն առնչութեամբ:
«Աւելի ու աւելի կը մտահոգուինք, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չի հետեւիր մարդկային իրաւունքներուն վերաբերեալ իր ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն: Կառավարութեան կոչ կ՛ընենք յարգելու իր քաղաքացիներու իրաւունքները», ըսած է ան:
Փսաքի նշած է նաեւ, որ Ատրպէյճան, աւելի ազատ հասարակութիւն ունենալու պարագային, պիտի կարենայ ապահովել իր ապագայի կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:
Ան ընդգծած է, որ իր երկիրը այս դիրքորոշումը յայտնած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնատարներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.