ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական Ռազմավարական մշակոյթի կեդրոն կայքը, Ատրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութեանց հետ գործակցող պետական յանձնախումբի նախագահ Մուպարազ Կուրպաթլիի վերագրելով իր յայտարարութիւնը՝ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան մարդուժի եւ նիւթական զօրակցութեան շտեմարան մըն է «Իսլամական պետութեան» համար:
Ըստ Կուրպաթլիի, նշեալ կրօնական կազմակերպութիւնները իրենց ձեռնարկած առեւտրական գործառնութեանց եկամուտին մէկ մասը կը յատկացնեն Սուրիոյ մէջ կռուող իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն: Այս մարզի մասնագէտ Այտըն Ալի Զատէի համաձայն՝ այդ կազմակերպութեանց յատկացուցած գումարը կը հասնի տարեկան 5 միլիոն տոլարի:
Այդ գումարը հիմնականին մէջ կը գործածուի քարոզչութեան, թոշակներու եւ կաշառման համար: Ըստ Ալի Զատէի՝ Ատրպէյճանի մէջ իսլամական արմատական գաղափարաբանութեան տարածումը կապուած է ընկերային անիրաւութեանց, ժողովրդային զանազան աւանդութեանց, աղքատութեան եւ անգործութեան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, որ «Իսլամական պետութեան» անդամ 16 զինեալներ արգելափակուած են թրքական բանտերու մէջ՝ ահաբեկչական արարքներու յանցանքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.