ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Թրքական ASIMDER (Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի) միութիւնը, դիմում ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ Իրանի եւ Վրաստանի դեսպանատուներուն միջոցաւ՝ Երեւանի մզկիթին մէջ Ուրբաթ օրուան նամազ ընելու պահանջով: Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան մերժած է թուրքերուն պահանջը, մանաւանդ որ այս խմբակը ուժեղ պայքար կը մղէ ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ: Ուրախ չէ՞ք այս որոշումին համար:
Հայկ, Սանթա Պարպարայէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ո՛չ, ուրախ չեմ, որովհետեւ իմ կարծիքով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը ոսկի առիթ մը կորսնցուց: Բացատրե՛մ: Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է ընդունէին դիմումը, սակայն՝ մէկ պայմանով. օդակայան հասնելէն եւ մաքսատան կարգադրութիւններէն ետք, նոյնիսկ պանդոկ տեղաւորուելէ առաջ, ոստիկաններու ուղեկցութեամբ անմիջապէս կ՛երթան Ծիծեռնակաբերդ, Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, եւ իրենց յարգանքը կը մատուցեն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Միայն ատկէ ետք, եթէ ուզեն՝ շաբաթ մը ամբողջ թող նամազ ընեն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քանի մը օր առաջ կարդացի Ատրպէյճանի փոխվարչապետ եւ գաղթականներու ու տեղահանուածներու հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալի Հասանովի սոյն յայտարարութիւնը. «Տարեկան 150-170 հազար հոգի կը լքէ Հայաստանը, իսկ միւս կողմէ՝ կը նուազի բնակչութեան բնական աճը: Եթէ այդպէս շարունակուի, պատերազմի անհրաժեշտութիւնը կը վերանայ, եւ մենք սպասելով՝ կրնանք պարպուած Հայաստանին տիրանալ»: Իսկապէս ցնորամի՞տ է, թէ յիմար՝ այս Հասանով կոչեցեալը, որ կը կարծէ, թէ Հայաստանի պարպումին սպասելով՝ պիտի տիրանայ մեր հողերուն:
Սիրվարդ, Փալոս Վերտէս
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ո՞ր մէկ յայտարարութիւնը՝ սկսած նախագահ Ալիեւէն մինչեւ արտաքին եւ միւս նախարաները, ցնորամիտ չէ: Ամէն պարագայի, յուսամ իրենց այս սպասումի քաղաքականութիւնը լուրջի կ՛առնեն եւ քարիւղէն շահած մեծ գումարներով, փոխանակ զէնք գնելու իրենց բանակի զինուորներուն համար, հսկայական սպասման սրահներ կը կառուցանեն, որպէսզի երբ Հայաստան ամբողջութեամբ պարպուի, առանց պատերազմելու կարենան հայկական հողերուն տիրանալ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տեղեկացայ, թէ Գերմանական դասագիրքի մը մէջ արտատպուած է ծաղրանկար մը, որուն մէջ պատկերուած շունը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի անունը կը կրէ. այս մէկը զայրացուցած է Գերմանիոյ թուրքերն ու թուրք կառավարութիւնը: Իսկապէ՛ս, քիչ մը տարօրինակ չէ՞ նախագահ մը շուն կոչել։
Պարգեւ, Աթէնք
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես ալ երբեք համաձայն չեմ նախագահ Էրտողանը շունի նմանցնելուն: Շունը սիրուն եւ հաւատարիմ կենդանի մըն է. իսկ Էրտողան, արաբական դրացիներուն հանդէպ իր վարած քաղաքականութեամբ եւ ՆԱԹՕէն ներս բռնած կեցուածքով, աւելի ՕՁ յորջորջումին արժանի է, քան՝ սիրուն շան մը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջերս կարդացի Կորիւն արք. Պապեանի թէեւ շատ երկար, բայց նոյն ատեն շատ հետաքրքրական տուեալներով եւ ինծի համար նորութիւններով լեցուն յօդուածը՝ Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի մասին: Վարդան Մամիկոնեանին՝ Սահակ կաթողիկոսի թոռը ըլլալը, ուղղակի նորութիւն էր ինծի համար: Դուք տեղեա՞կ էիք այս տեղեկութենէն:
Անտի, Լաս Վեկաս
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես ալ հետաքրքրութեամբ կարդացի եւ այդ մէկը ինծի համար ալ նորութիւն էր: Ինչ որ մտածել կու տայ ինծի, թէ այս վերջին քանի մը դարերուն, եթէ կաթողիկոսները ամուսնանալու արտօնութիւն ունենային, ինչ որ սովորական էր Սահակ կաթողիկոսի օրերուն, արդեօք մինչեւ հիմա քանի՜-քանի՜ Վարդան Մամիկոնեաններ կ՛ունենայինք: Իսկապէ՛ս. մեր կուսակրօնները, որոնք իրենց ուսումով եւ մտային մակարդակով մեր լաւագոյններէն կարելի է նկատել, ինչ առողջ եւ պայծառ սերունդներ կրնային պարգեւել ազգին, բայց ցաւալիօրէն կուսակրօնութիւնը զիրենք ամլութեան դատապարտած է:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անցեալները կարդացի, թէ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մէանմար այցելած է, եւ թէ Եանկոն քաղաքի կեդրոնը կը գտնուի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական եկեղեցին: Նաեւ տեղեկացայ, թէ Եանկոնի մէջ, որ նախապէս Ռանկուն կը կոչուէր, ունեցած ենք բաւական բարգաւաճ եւ գործունեայ գաղութ: Սակայն, դժբախտաբար, ներկայիս միայն երկու տասնեակ հայեր մնացած են, այդ ալ՝ խառնածին ընտանիքներէ: Զարմանալի չէ՞ որ մինչեւ Մէանմար հասնելով՝ եկեղեցի ալ կառուցած ենք:
Հայկուհի, Ուեսթ Քովինա
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո՛, մեր ազգը, որ փոխանակ բերդաշինութեան՝ եկեղեցաշինութեամբ նշանաւոր է, հասած է մինչեւ Մէանմար եւ ցաւալիօրէն ներկայիս ո՛չ գաղութ, ոչ ալ զուտ հայ մնացած է հոն: Մտավախութիւնս այն է, որ ասկէ 70-80 տարի ետք, նոյն բանն ալ Հալէպի մասին ըսուի:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կրկին նոր գիւտ մը ըրաւ: Իբրեւ թէ Քոլոմպոսէն քանի մը հարիւր տարի առաջ, 1200ական թուականներուն, իսլամները գտած են Ամերիկան: Մարդ այսքա՛ն ալ ծիծաղելի կրնա՞յ ըլլալ: Ի՞նչ բանի վրայ հիմնուելով այս տեսակ ձաբռտուքներ մէջտեղ կը նետէ:
Ալիս, Հերմոզա Պիչ
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ծիծաղաշարժ մէկը չէ՞ այս Էրտողան կոչուածը: Իսլամ պատմագէտ մը, որուն անունը հիմա չեմ կրնար յիշել եւ որ ամէն ինչ իսլամացնելու ախտէն կը տառապի, ինչպէս մենք՝ հայերս, ամէն ինչ հայացնելու ախտէն, Քոլոմպոսի օրագրութիւններէն մէջբերում մը կ՛ընէ, թէ երբ ներկայի Քուպա կղզին հասած են, հոն գմբէթաձեւ շինութեան մը հանդիպած են: Այս մէկ նշումը բաւական է իսլամ պատմագէտին եւ անոր գրութիւններով խանդավառուած Էրտողանին՝ յայտարարելու համար, թէ իսլամներ Քոլոմպոսէն շատ առաջ Ամերիկան գտած են: Հիմա նախագահ Էրտողանէն կը սպասեմ, որ մեզի յայտնէ, թէ Ամերիկան գտած այդ իսլամները շիի՞ էին, թէ սիւննի: Այս մէկը շատ կարեւոր է, ոչ թէ մեզի, այլ՝ իրենց համար:
Ձեր հարցումները, նաեւ՝ դիտողութիւնները, կրնաք ուղարկել sazareh@yahoo.com հասցէին։