
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Իր պաշտօնավարութեան առաջին օրերէն իսկ, գաղթականական մարզէն ներս յատկանշական բարեկարգումներ կատարելու իր խոստումին մէկ մասը իրականացնելով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ի երեկոյեան, ուղղակի պատկերասփռուած ճառով մը յայտարարեց, թէ որոշած է նախագահական հռչակագիրով կարգ մը բարեկարգումներու դիմել, որովհետեւ Քոնկրեսի հանրապետականները այս գծով ոչ մէկ յառաջխաղացք արտօնած են։
Նշենք, որ դեմոկրատներու հակակշիռին տակ գտնուող Ծերակոյտը աւելի քան 500 օր առաջ գաղթականական օրէնքներու բանաձեւ մը վաւերացուցած էր, սակայն հանրապետականներու հակակշիռին տակ գտնուղ Ներկայացուցիչներու տունը մերժած էր զայն քննել։
Նախագահական հռչակագիրէն կրնայ օգտուիլ մօտաւորապէս 5 միլիոն մարդ, որոնց մեծ մասը՝ աւելի քան 80 տոկոսը, ամերիկացի քաղաքացիներու կամ 5 տարիէն աւելի օրինական կեցութիւն ունեցողներու ծնողները պիտի ըլլայ, որոնք 3 տարուան օրինական կեցութեան արտօնութիւն պիտի ստանան։
Հռչակագիրը նաեւ կ՛ընդարձակէ ապօրինի միջոցներով Միացեալ Նահանգներ բերուած անչափահասներու օրինական կեցութեան իրաւունք շնորհող 2012ի օրէնքը, ինչպէս նաեւ աւելի մեծ թիւով (մօտաւորապէս 600,000) կեցութեան արտօնագիրներ կը շնորհէ գործարարներու եւ արդի արհեստագիտութեան մարզի նոր շրջանաւարտներու։
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Օպամայի հռչակագիրին հակազդեցութիւնները արագ էին ու բազմազան։ Արդարեւ, մինչ գաղթականներու իրաւանց պաշտպանները անբաւարար նկատեցին այս քայերը, Քոնկրեսի հանրապետական ղեկավարութիւնը քննադատեց Օպամայի ինքնագլուխ արարքը՝ խոստանալով ձախողութեան մատնել զայն։