
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ՍԱՇՀը շնչառական համակարգի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ «Քորոնա» (Corona) ժահրի որոշ մէկ տեսակին վարակումով:
Հարբուխը կը յառաջանայ քանի մը տեսակ Քորոնա ժահրերով: ՍԱՇՀի ժահրը Քորոնա ժահրերու յատուկ մէկ տեսակն է:
ՍԱՇՀը առաջին անգամ ախտաճանաչուեցաւ 2002ին Չինաստանի մէջ եւ տեղի ունեցաւ ՍԱՇՀի համաճարակը: Գրանցուեցան 8096 վարակումներ եւ 774 մահեր, որոնց մեծամասնութիւնը պատահեցաւ Հոնկ Քոնկի մէջ: ՍԱՇՀը շուտով տարածուեցաւ այլ երկիրներ՝ վարակուած անձերու ճամբորդութեան պատճառով: Ճամբորդներ երկրէ երկիր փոխադրուելով, տարածեցին այս ժահրը շատ մը երկիրներ: Մէկ տարուան ընթացքին 37 երկիրներ ունեցան ՍԱՇՀի հարիւրաւոր պարագաներ: Քանատայի մէջ գրանցուեցան շուրջ 400 ՍԱՇՀի պարագաներ եւ 44 մահեր:
ՍԱՇՀը կը հարուածէ ընդհանրապէս բոլոր տարիքի մարդիկը՝ առանց սեռի խտրութեան, սակայն առաւելաբար 15-70 տարեկան անձերը:
ՍԱՇՀի ախտանշանները կռիփի (հարբուխ-influenza) ախտանշաններուն կը նմանին. տեղի կ՛ունենան ախտանշաններու յարաճուն (progressive) զարգացում:
Ախտանշաններուն կարեւորագոյնը շնչառութեան սուր անբաւարարութիւնն է: Անոր նախնական ախտանշանները կռիփի նման ախտանշաններ են, ինչպէս՝ ջերմութիւն, դող, չոր հազ եւ մկանային ցաւ, գլխացաւ, փորհարութիւն եւ քթահոսք:
Յատկանշական է արեան ճերմակ գնդիկներու նուազումը եւ հակամարմիններու յայտնաբերումը վարակումէն երեք շաբաթներ ետք: Հակամարմինները կը գործեն 3-4 ամիսներ եւ ապա կը սկսին նուազելու: Վարակուած անհատներուն մեծամասնութիւնը կը բարելաւուին ինքնաբերաբար 1-2 շաբաթներու ընթացքին:
Վարակուածներուն փոքր մէկ տոկոսը կ՛ունենան շնչառութեան դժուարութիւն եւ թթուածինի անբաւարարութիւն, որոնք ազդանշաններն են ՍԱՇՀի: Այս հանգրուանին կը յառաջանայ ժահրային թոքատապ (pneumonia), որ կրնայ վերածուիլ մանրէական (bacterial) թոքատապի: Ենթական կը մատնուի զօրաւոր շնչահեղձութեան, սուր թթուածինի անբաւարարութեան, կապտութեան (cyanosis), վարակամերժութեան (immunity) նուազումի եւ մարմնական ընդհանուր փլուզումի (shock): Շատ արագ տեղի կ՛ունենան այս զարգացումները, որոնք կրնան պատճառ դառնալ ենթակայի մահուան:
Քորոնա ժահրը կը տարածուի եւ կը փոխանցուի օդի ճամբով, այսինքն շնչելով Քորոնա ժահրով վարակուած օդ: Վարակուած անհատը հազալով եւ փռնգտալով կը սփռէ ՍԱՇՀի ժահրը օդին մէջ եւ իր շուրջը գտնուող իրերուն, կերակուրներուն եւ անհատներուն վրայ: ՍԱՇՀի ժահրը կ՛ապրի՛ մեր ձեռքերուն եւ հագուստներուն վրայ մօտաւորապէս 6 ժամ: Առողջ անհատներ կը վարակուին ՍԱՇՀով շատ արագ՝ պարզապէս ներշնչելով այս վարակուած օդը, դպչելով վարակուած իրերուն եւ անձերուն եւ ուտելով վարակուած կերակուրներները: Այս ժահրը երկար ժամանակ կ՛ապրի շատ պաղ եղանակներուն:
ՍԱՇՀի թխսումը կը տեւէ 2-10 օրեր: Մահացութեան տոկոսը (mortality rate) 10ն է, այսինքն՝ վարակուածներուն 10 տոկոսը կը մահանայ: Մահացութեան տոկոսը կը հասնի մինչեւ 50 տոկոսի տարեցներու մօտ:
ՍԱՇՀի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ տեսնելով ենթակային հիւանդագին վիճակը, ինչպէս նաեւ կատարելով շատ մը տարրալուծարանային քննութիւններ եւ Ք ճառագայթային նկարումներ: Յաճախ թոքերու պարզ Ք ճառագայթային նկարումը ոչ մէկ ախտաբանական վիճակ չի ցուցաբերեր, հակառակ անոր, որ ՍԱՇՀը կը մնայ կասկածելի: Այս պարագային կը կատարուի թոքերու յատուկ համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan): Կը կատարուին արեան զանազան տեսակի քննութիւններ, մասնաւորապէս արեան ճերմակ գնդիկներու քանակական հաշուաքննութիւնը (count), ՍԱՇՀի ժահրի եւ հակամարմիններու յայտնաբերումի քննութիւները, քթաքսուկ-քթա-չնչան (nasal swab) եւ կոկորդաչնչան-կոկորդաքսուկ՝ (throat swab) յայտնաբերելու համար Քորոնա ժահրը:
Քորոնա ժահրի եւ ՍԱՇՀի դէմ մասնաւոր դեղեր գոյութիւն չունին: ՍԱՇՀէ վարակուածներուն մեծամասնութիւնը յատուկ դարմանումի պէտք չեն ունենար: Անոնք 1-2 շաբաթներու ընթացքին կը բարելաւուին ինքնաբերաբար, սակայն պէտք է ստանան բաւարար հեղուկ եւ առողջարար սնունդ, ունենան կատարեալ անկողնային եւ ֆիզիքական հանգիստ: Յառաջացած ՍԱՇՀի պարագաները կ՛ենթարկուին հիւանդանոցային խնամքի եւ շտապ օգնութեան: Անոնց կը կիրարկուի ներերակային հեղուկ, արուեստական օժանդակ շնչառութիւն (artificial respiration)՝ թթուածինի ներշնչումով միատեղ: Մանրէական թոքատապի պարագային, կը գործածուին հակամանրէական դեղեր:
ՍԱՇՀի դէմ մինչեւ օրս պատուաստ չէ գտնուած: Սակայն տեսնուած է, որ կռիփի պատուաստ (vaccine) եւ թոքատապի պատուաստ ստացողները նուազ չափով կը վարակուին ՍԱՇՀով:
Յառաջացած ՍԱՇՀի պատճառով կրնան տեղի ունենալ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ թոքերու թելային կարծրացում (firosis), ոսկրափխրում (osteoporosis), ոսկորներու մեռուկացում (necrosis) եւ լեարդի աշխատանքի վատթարացում:
ՍԱՇՀը կրնայ շուտով համաճարակի վերածուիլ, եթէ պէտք եղած կանխարգելիչ միջոցներ չկիրարկուին: Վարակուած անհատը պէտք է մեկուսացուի: Բժշկական անձնակազմը, հիւանդապահուհիները եւ հիւանդին հետ յարաբերութիւն ունեցող անձերը պէտք է գործածեն բերանի-քիթի դիմակ (oral-nasal mask), յատուկ հագուստ, գոգնոց եւ ձեռնոց: Բոլոր կասկածելի պարագաները պէտք է մեկուսացուին:
Վարակուած պարագաները եւ կասկածելիները պէտք է գրանցուին պետական առողջապահական հաստատութիւններու մօտ:
Կարգ մը կանխազգուշական թելադրութիւններ կարեւոր են ՍԱՇՀի համաճարակի պարագային.
1. Լուալ ձեռքերը յաճախակիօրէն.
2. Լուալ վարակուած անհատին հագուստները, սաւանը, անձեռոցը, կերակուրի սպասները՝ օճառով եւ տաք ջուրով.
3. Հազալու եւ փռնգտալու միջոցին փակել քիթը եւ բերանը.
4. Վարակուած անձէն հեռու մնալ եւ չգործածել անոր կերակուրի սպասները, իրեղէնները, հագուստը եւ անձեռոցը.
5. Հիւանդին ապաքինումէն 10-15 օրեր ետք միայն սկսիլ յարաբերութիւն ունենալու անոր հետ.
6. Համաճարակ ունեցող երկիր չայցելել.
7. Համաճարակ երկիրէն դուրս ելլել շատ զգուշութեամբ։