ՊԵՐԼԻՆ.- «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Արեւմուտքին այն մեկնաբանութիւնը, թէ Խրիմը բռնակցումի ենթարկուած է, ինք «կատարելապէս ոչ պատշաճ» կը նկատէ։ «Երբ կը լսեմ այն մասին, որ Ռուսիան խախտած է միջազգային օրէնքը, բացի զարմանքէն՝ մօտս ոչինչ կը յառաջանայ: Ինչ որ կատարուած է Քոսովոյի մէջ, Խրիմի մէջ չէ կատարուած», նշած է Փութին: Ըստ Ռուսիոյ նախագահին՝ Քոսովոյի հարցով Միջազգային դատարանի որոշումին մէջ կայ յստակ կանոն. «ինքնորոշման հարցի որոշման պարագային՝ ժողովուրդը, որ կ՛ապրի որոշ տարածքի մը մէջ, պարտաւոր չէ հարցնելու իր պետութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն կարծիքը»: Փութին նշած է նաեւ, որ ի տարբերութիւն Քոսովոյի, ուր անկախութեան մասին որոշումը տուած է միայն խորհրդարանը, Խրիմի մէջ այդ հարցը որոշուած է հանրաքուէի միջոցով: Թէեւ Ռուսիոյ նախագահը ընդունած է, որ հանրաքուէի կայացման պահուն Խրիմի մէջ եղած են ռուսական զօրքեր, սակայն աւելցուցած է. «Խորապէս վստահ եմ, որ Ռուսիան միջազգային իրաւունքի ոչ մէկ խախտում թոյլ տուած է»:
«Մեր զինեալ ուժերը արգելափակած են Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը, որոնք տեղակայուած էին Խրիմի մէջ, սակայն ոչ թէ ստիպելու համար ոեւէ մէկը քուէարկութեան երթալու, ատիկա անկարելի է, այլ անոր համար, որ արիւնահեղութիւն չըլլայ, որպէսզի մարդոց կարելիութիւն տրուի արտայայտելու իրենց վերաբերմունքը հարցին շուրջ, թէ՝ իրենք ինչպէ՛ս կը ցանկան տեսնել իրենց ապագան եւ իրենց երեխաներու ապագան», ըսած է Փութին։
Իր կարգին, «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Ուքրանիան պատրաստ է ամէնէն վատ կարելիութեանց, ներառեալ՝ Ռուսիոյ հետ պատերազմին: «Մենք խաղաղութիւն կը ցանկանք, սակայն, դժբախտաբար, ստիպուած ենք քննարկելու ամէնէն վատ կարելիութիւնները», ըսած է Փորոշենքօ: Ան նաեւ նշած է, որ այժմ Ուքրանիա աջակցութիւն կը ստանայ Արեւմուտքէն, եւ երկիրի զինուորական պատրաստուածութիւնը աւելի բարձր է, քան էր հինգ ամիս առաջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.