
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչը Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնական նամակով մը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան «Մխիթար Գօշ» շքանշանով պիտի պարգեւատրէ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը:
Շքանշանի պարգեւատրման հրամանագիրը Նոյեմբեր 4, 2014ին ստորագրուած է նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէ: Նախագահը անձամբ շքանշանը պիտի յանձնէ դոկտ. Յովսէփեանին, յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի մէջ, Հայաստանի հիւպատոսարանէն ներս տեղի ունենալիք յատուկ արարողութեան մը ընթացքին։
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան «Մխիթար Գօշ» շքանշանին արժանացած է իր նշանակալի ներդրումին համար՝ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ անոր տնտեսութեան ու մշակութային զարգացման գործին մէջ:
Դոկտ. Յովսէփեան եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
Ան քաղաքական գիտութեանց դոկտորայի վկայականին արժանացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն: