ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները 5 Նոյեմբերին այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցի քաղաքացիներ Տիլհամ Ասքերովին եւ Շահպազ Կուլիեւին:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է ԿԽՄԿ Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին: «Սա արդէն ԿԽՄԿ 6րդ այցելութիւնն է Ադրբեջանի քաղաքացիներին: Հանդիպման ժամանակ փոխանակուել են ընտանեկան բովանդակութեամբ նամակներ», փոխանցած է Զառա Ամատունին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.