
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան 7 Նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը։
Վարչապետը ողջունած է անոնց այցելութիւնը՝ կարեւոր նկատելով պարբերական շփումներու ու խորհրդակցութիւններու կազմակերպումը: Ա. Յարութիւնեան գոհունակութիւն յայտնած է համագործակցութեան առկայ մակարդակին համար՝ բարձր գնահատելով նախարար Ս. Կարապետեանի ներդրումը Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման մէջ:
Կողմերը քննարկած են հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները՝ անասնապահութեան, գիւղատնտեսական համակարգերու սպասարկման եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ: Անոնք միտքեր փոխանակած են երկու հանրապետութիւններուն մէջ սնունդի անվտանգութեան առնչութեամբ առկայ հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ: Համաձայնութիւն գոյացած է յատկապէս մսամթերքի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ առնուող համատեղ քայլերուն վերաբերեալ:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան: