ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- «Փարաջանով-Վարդանով» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան մրցանակը այս տարի շնորհած է «Օսքար»ի արժանացած բեմադրիչ Մարթին Սքորսէյզիի, Փարաջանովի «Նռան Գոյնը» գլուխ գործոցը վերականգնելու աշխատանքին մէջ իր ունեցած յատկանշական ներդրումին համար։
Մրցանակը յանձնուած է Նիւ Եորքի շարժապակերի փառատօնին ընթացքին, Հոկտեմբեր 2ին, եբր ցուցադրուած էր «Նռան Գոյնը» գործի վերամշակուած տարբերակը։ Մրցանակը յանձնուած է հիմնարկի հիմնադիր Մարտիրոս Վարդանովի կողմէ։ Նիւ Եորքի շարժապատկերի փառատօնին, նշեալ ֆիլմը առաջին անգամ 34 տարի առաջ ցուցադրուած էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.