ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վիճակագրական տուեալներ ցոյց կու տան, որ Թուրքիա Եւրոպայի «ախոյեան»ն է գործաւորներու մահացու արկածներու թիւով, իսկ ամբողջ աշխարհի մէջ երրորդ տեղը կը գրաւէ՝ Սալվատորէն ու Ալճերիայէն ետք։ Միջազգային աշխատաւորական կազմակերպութեան տուեալներով՝ Թուրքիոյ մէջ գործաւորներու մահացու արկածներու թիւը շատ բարձր է, եւ 100 հազար աշխատաւորներուն 20 առ հարիւրը գործի արկածի զոհ կ՛երթայ։ Այդ համեմատութիւնը Նորվեկիոյ, Զուիցերիոյ եւ Դանիոյ մէջ 2 տոկոս է։
Ընկերային ու աշխատանքի ապահովութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Թուրքոյ մէջ օրական 172 գործի արկած կը պատահի եւ այդ արկածներուն հետեւանքով՝ օրական միջին հաշիւով 4 աշխատաւորներ կը մահանան, իսկ վեց ուրիշներ հաշմանդամ կը դառնան։
Միայն 2014ի առաջին ութ ամիսներուն տուեալներով՝ Թուրքիոյ մէջ 1270 աշխատաւորներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են։ Անոնցմէ 325ը Սոմայի ածխահանքի զոհեր են, 227ը մահացած են շինարարական, 162ը՝ հողագործական, իսկ 92ը՝ փոխադրական արկածներու հետեւանքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.