ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանական «Շփիկըլ» եւ բրիտանական «Կարտիըն» թերթերը կը հաղորդեն, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել չէ բացառած, որ Բրիտանիա կրնայ դուրս գալ Եւրոպական Միութենէն՝ ներգաղթողներու հարցով տարակարծութիւններուն պատճառով:
Բրիտանիոյ վարչապետին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Մերքել ըսած է, թէ նախընտրելի պիտի ըլլայ Բրիտանիոյ դուրս գալը Եւրոմիութենէն, քան փոխել Եւրոմիութեան այն կանոնները, որոնք կը վերաբերին քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժին:
Վերջերս յայտնի դարձած էր, որ Բրիտանիոյ վարչապետը կ՛ուսումնասիրէ որոշ ներգաղթեալները արտաքսելու կարելիութիւնները, որոնց համար օրէնքներ պէտք է փոխել:
Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները արդէն լարուած են, որովհետեւ Լոնտոնէն կը պահանջուի 2.1 միլիառ եուրօ վճարել Եւրոպական Միութեան, նկատի ունենալով Բրիտանիոյ տնտեսական վիճակի բարելաւումը: Բրիտանիա համաձայն չէ այդ գումարին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.