
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քիւրտերը պատմականօրէն հռչակ շահած են միջցեղախմբային արիւնալի պայքարներ մղելու սովորութեամբ, ընդհանուր թշնամիի դէմ միասնական ճակատ կազմելու անկարողութեամբ: Աշիրեթային այս մտայնութիւնը չարաշահուած է Օսմանեան շրջանէն ի վեր մինչեւ մեր ժամանակները:
Այսօր ցեղախումբերու փոխարէն, քրտական հակամարտուեանց դրօշակակիրները տարբեր երկիրներու մէջ ապրող քիւրտեր են, որոնք տարբեր ազդեցութեանց ոլորտներու մէջ իյնալով՝ դարձեալ կ՛օգտագործուին ոչ քրտանպաստ նպատակներու համար, դարձեա՛լ իրարու դէմ լարուած պայքարի կը լծուին, դարձեալ մէկ ու միասնական քրտական ճակատ կազմելու գաղափարը ձախողցնելու շրջանային կամ միջազգային հաշուարկներու կը ծառայեն:
Այս իրավիճակը յեղաշրջող առաջին իրադարձութիւնը Իրաքի մէջ քրտական ինքնավար պետութեան ստեղծումն էր՝ իր տեղական ինքնավարման մարմիններով ու բոլոր համապատասխան կառոյցներով, որոնք հզօր ազդակներ կրնային դառնալ պետական մտածողութեան ամրապնդման ու ազգային շահի գաղափարի խորացման:
Քրտական ազգային միասնականութեան գաղափարը ոստում մը եւս արձանագրեց Քոպանիի մարտերու բովին մէջ:
Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրաքի (Իրանի քիւրտերը առայժմս պատկերէն դուրս կը ձգենք) քիւրտերը, Քոպանիի արիւնալի կռիւներուն ընթացքին, ազգակիցի, արիւնակիցի ճակատագիրով մտահոգ՝ անոնց օգնութեան հասնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին, ընդվզեցան քիւրտ մարտիկներուն դէմ դրուած թրքական իշխանութեան արգելքներէն, եւ առաջին առիթով, երբ միջազգային ճնշումներու միջոցաւ այդ արգելքները գոնէ մասնակիօրէն վերացան, անոնք շուտափոյթ հասան իրենց պատերազմող ազգակիցներու օգնութեան:
«Մենք պատրաստ ենք օգնութեան հասնելու մեր քիւրտ եղբայրներուն, ո՛ւր որ պէտք ունենան մեր օգնութեան, ո՛ւր որ անոնք հարուածի տակ ըլլան», յայտարարեց Քոպանիի մատոյցներուն հասած Քիւրտիստանի բանակի փեշմերկա սպայ մը։
Այս մթնոլորտը, Մերձաւոր Արեւելքի տագնապին ստեղծած փոթորկալի միջավայրը, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, այսպիսի դրուագներու ճամբով կրնայ այդ ամբողջ տարածքի քիւրտերուն մէջ ներարկել մէկ ազգ, մէկ հայրենիք ու մէկ նպատակ գաղափարը, որմէ առաջին ահաբեկուողը, անշո՛ւշտ, թրքական իշխանութիւնն է: