
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ «Այտըն» համալսարանը կազմակերպած է կարգ մը հանդիսութիւններ, որոնց նպատակն է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին ջրել «հայկական պնդումները» եւ ուսանողները «լուսաբանել» այս հարցին մասին «ճիշդ» եւ «առարկայական» տեղեկութիւններով։ Այս նպատակով, անցած շաբաթավերջին կազմակերպուած աշխատաժողովի գլխաւոր բանախօսն էր Եուսուֆ Հալաճօղլու։ Այս անունը ցոյց կու տայ արդէն, թէ համալսարանի ձեռնարկը ինչպիսի՛ դիրքաւորում պիտի ունենար 1915ի պատահարներուն նկատմամբ։
Հալաճօղլու, իր բանախօսութեան մէջ հիմնուելով օտար փաստաթուղթերու վրայ՝ պնդեց, որ հայկական պնդումները հիմնուած են քաղաքական նպատակներու վրայ։ «Խորհրդարանները, որոնց պարտականութիւնն է օրէնք պատրաստել, սկսած են դատարանի նման որոշումներ ընդունելու եւ յանցաւորներ հռչակելու. ասիկա արդէն իսկ ցոյց կու տայ, որ հարցը ինչպէ՛ս քաղաքականացած է», ըսած է Հալաճօղլու։ Երկու ժամ տեւած իր բանախօսութեան մէջ Հալաճօղլու պնդած է, թէ Հայկական Հարցը իրականութեան մէջ Արեւմուտքին կողմէ «Արեւելեան հարց» կոչուած ծրագիրին մէկ մասն է։
«Հայերը իրապէս սպանդի ենթարկուա՞ծ են։ Ո՛»չ, ըսած է Հալաճօղլու, որ պնդած է, թէ Ապրիլ 24ին ոչ մէկը սպաննուած է։ Ան կրկնած է պետութեան այն տեսակէտը, թէ հայերը ամէնուրեք ապստամբեցան, մինչ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ էր։ «Այս պայմաններուն մէջ հայերը դաւաճանած էին իրենց ապրած երկիրին», ըսած է Հալաճօղլու։
«Սապահ»ի մէջ հրատարակուած մէկ թղթակցութեան մէջ հաղորդուած է, որ աշխատաժողովին մասնակցած էր նաեւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Քեմիլ Վելի Մենեմենօղլու, որ պնդած է, թէ «միայն արխիւներն են, որոնք ճամբայ ցոյց կու տան»։
Համալսարանը ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի շարունակէ աշխատաժողովներ կազմակերպել, յօդուածներ հրատարակել ու զանազան ձեռնարկներ կազմակերպել։