ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ամերիկեան «Թասք ֆորս ֆոր կլոպըլ հելթ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը 600 հազար տոլար արժողութեամբ հարբուխի դէմ պատուաստանիւթ պիտի տայ Հայաստանին: Համապատասխան որոշումը ընդունուած է կառավարութեան 30 Հոկտեմբերի նիստին։
Ըստ առողջապահութեան փոխնախարար Սերգէյ Խաչատրեանի՝ պատուաստում ստանալն անհրաժեշտ է հարբուխի սպառնալիքին դէմ արդիւնաւէտ կերպով պայքարելու համար՝ նկատի ունենալով այդ հիւանդութեան եղանակային աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ պատուաստանիւթերու համաշխարհային շուկայի առանձնայատկութիւնները: Անցեալ տարիներուն կարելի եղած էր ապահովել շատ փոքր քանակութեամբ պատուաստանիւթ։
Նոր պատուաստանիւթին մեծամասնութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ բանակին համար: Մնացածը պիտի տրամադրուի հիւանդապահներուն, դաստիարակներուն եւ մանկատուներու աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ ծերանոցներու տարեց բնակիչներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.