
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ 31 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին կից աշխատակազմի ու պաշտօնէութեան հերթական նիստը:
Նիստին բացումը կատարելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հակիրճ կերպով ներկայացուցած է նիստի օրակարգային հարցերը, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի զինուած ուժերու համալրման ծրագիրի կատարման ընթացքին, զինուած ուժերու կազմազօրահաւաքային կառուցուածքին, համալրման խնդիրներուն:
Նիստին ընթացքին հիմնական զեկոյցով հանդես եկած է զինուած ուժերու ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալ, զօր. Լեւոն Մնացականեանը: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են զինուած ուժերու մարտունակութեան ապահովման հիմնական խնդիրները, այդ ուղղութեամբ կատարուած ծրագրաւորումները, զինուած ուժերու սպայակազմի թուաքանակին, զօրակոչերու ընթացքին, ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներու կրթամակարդակին եւ այլ հարցերու վերաբերող համեմատական ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները: Ելոյթ ունեցած են նաեւ պատասխանատու այլ պաշտօնեաներ:
Նոյն օրը վարչական համալիրին մէջ կայացած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին հաշուետու զեկոյցով հանդէս եկած է զինուած ուժերու ղեկավարման մարմինի գործօն վարչութեան պետ, զօր. Արտակ Դաւթեանը: Ամփոփելով խորհրդակցութիւնը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան անդրադարձած է նաեւ Հոկտեմբերին կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքներուն եւ մատնանշած է Նոյեմբեր ամսուան առանցքային խնդիրները՝ տալով համապատասխան յանձնարարականներ եւ ցուցմունքներ: