
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– 31 Հոկտեմբերին Դիլիջանի մէջ իր աշխատանքներուն սկսած է Առեւտուրի նորարարութեան երկրորդ ֆորումը:
Կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ֆորումի բացման մասնակցած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ ազգային նորարարութեան համակարգի զարգացումը կառավարութեան գերակայութիւններէն է:
«Այս ոլորտում մեր ձեռքբերումները վստահութիւն են ներշնչում, որ մօտ ապագայում Հայաստանը կարող է դառնալ տարածաշրջանի առաջատար երկիր», յայտնած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ ներկայիս կը գործադրուին հեռանկարային շարք մը ծրագիրներ, որոնց թիրախը Հայաստանի մէջ ժամանակակից նորարար ենթակառուցուածքներն են՝ հետազօտական, կրթական կեդրոններ, արհեստագիտական ոլորտով զբաղողներ, տարրալուծարաններ, էքսելըրէյթըրներու ձեւաւորման ու զարգացման կառոյցներ, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի յառաջընթացը խթանող ֆինանսական ենթակառուցուածքներ։
«Տարբեր ասպարէզներում բարեփոխում իրականացնելիս անպայմանօրէն հաշուի են առնւում տեխնոլոգիական ոլորտի առաջարկուող լուծումներն ու արտադրանքը, որոնց շնորհիւ միայն հնարաւոր է բարձրացնել արտադրողականութիւնը եւ մրցունակութիւնը», դիտել տուած է Յովիկ Աբրահամեան:
Առեւտուրի նորարարութեան երկրորդ ֆորումը կը կայանայ «2018թ.՝ Հայաստանը 20 ամենանորարար երկրների շարքում» նշանաբանով եւ նուիրուած է արհեստագիտական կրթութեան եւ ձեռներէցութեան հիմնախնդիրներուն: Ֆորումի օրակարգին վրայ են հանրակրթական եւ բարձրագոյն կրթութեան, ձեռներէցութեան, օրէնսդրական եւ ենթակառուցուածքներու տեսանկիւններէ անհրաժեշտ կատարելիքներու քննարկումները:
Ֆորումին նպատակն է քննարկումներու լոյսին տակ ձեւաւորել Հայաստանի նորարարական զարգացման թիրախային ուղղութիւններն ու անհրաժեշտ գործողութիւնները, որոնք պիտի դրուին Հայաստանի կառավարութեան, մասնաւոր ոլորտի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ։