ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 31 Հոկտեմբերին ընդունած է Ճափոնի Միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան փոխտնօրէն Կայէ Եանակիսաւա:
«Մենք ողջունում ենք յաջորդ տարի նախատեսուած Երեւանում Ճապոնիայի դեսպանութեան հիմնումը, ինչը վստահաբար կը նպաստի երկկողմ փոխյարաբերութիւնների առաւել ամրապնդմանը», ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ըսած է Նալբանդեան:
Կայէ Եանակիսաւա իր կարգին ըսած է, որ Ճափոն մեծապէս հետամուտ է Հայաստանի հետ բարեկամական համագործակցութեան զարգացմամբ եւ նպատակադրուած է յաւելեալ քայլերու ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները համակարծիք էին այն մասին, որ վերջին տարիներուն հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները աշխոյժ զարգացում ապրած են, արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կայ բնական աղէտներու կանխարգիլման, նաեւ ուժանիւթի եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.