
ԵՐԵՒԱՆ, «Արցախփրէս».– Ստեփանակերտի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին մէջ, դատաւոր Անատոլի Թադեւոսեանի նախագահութեամբ, կը շարունակուի Յուլիսին Շահումեանի շրջանէն Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը ապօրինաբար հատած ատրպէյճանական հետախուզական-ներթափանցման փորձ կատարած խումբի երկու անդամներու՝ Շահպազ Կուլիեւի եւ Տիլհամ Ասքերովի գործով դատական նիստը:
30 Հոկտեմբերին կայացած դատական նիստին ընթացքին՝ ի պատասխան դատաւոր Անատոլի Թադեւոսեանի այն հարցումին, որ արդեօք նախաքննութեան տուած ցուցմունքներուն ընթացքին անոնց նկատմամբ ճնշում բանեցուա՞ծ է՝ Կուլիեւ պատասխանած է, որ ոչ մէկ ճնշում եղած է, եւ մինչեւ օրս իրենց հետ վերաբերումը շատ բնական է։
Կուլիեւ վերջին նիստին ընթացքին նշած է, որ ինք ոչ մէկ վատ նպատակ ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հատած ատեն, սակայն Ասքերով հակասելով անոր՝ պնդած է, որ Կուլիեւ շատ կեղտոտ ու վատ անձնաւորութիւն է, ան Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակից է եւ նախօրօք ծրագրած էր Ղարաբաղ գալ:
Պատասխանելով դատախազ Կարէն Գաբրիէլեանի այն հարցումին, թէ Հասանով ինչո՞ւ իր ինքնաձիգը փոխած է Ասքերովի ինքնաձիգին հետ եւ ոչ թէ Կուլիեւի, Ասքերով յայտնած է, որ իր ինքնաձիգը աւելի լաւ կը կրակէ, ատոր համար ալ Հասանովը այդ մէկը առած է:
Այնուհետեւ դատախազը հարցումներ ուղղած է Քարվաճառի բնակիչ Վրէժ Բալայեանի տունէն հագուստներ գողնալու վերաբերեալ, վերջինը այդ գործով տուժող կողմ կը հանդիսանայ։
Ըստ Ասքերովի, երբ արդէն մօտեցած էին Քարվաճառ քաղաքին, հեռադիտակով նայած եւ տեսած են, որ ճամբուն վրայ գտնուող առաջին տան մէջ մարդ չկայ, ուստի մտած ու գողցած են հագուստներ, որոնցմէ մէկուն գրպանին մէջ կար անձնագիր, զինուորական գրքոյկ եւ գումար: Յստակ չպատասխանելով դատախազին միւս հարցումներուն՝ Ասքերով միայն նշած է, որ կին մը զիրենք տեսած ու բաներ հարցուցած է, իսկ քանի որ իրենք միայն քանի մը բառ հայերէն գիտեն, պատասխանած են ու հեռացած: Դատական նիստի աւարտի դատախազը հարցուցած է, թէ իրենք ի՞նչ նպատակով իրենց հետ բերած էին ատրպէյճանական դրօշներ, սակայն ամբաստանեալներէն ոչ մէկը յստակ պատասխան տուած է: