ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստան նկատելի յառաջընթաց արձանագրած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ: «Ազատութիւն» կայանի «Ֆէյսբուքեան ասուլիս»ին ընթացքին այս մասին յայտնեց ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակի մնայուն համակարգող Պրետլի Պուզեթօ:
Ան աւելցուց, որ այս հաստատումը կարելի է ընել շարք մը թիւերու հիման վրայ եւ համեմատութիւններ կատարելով, նաեւ դրացի երկիրներուն հետ։ «Եւ նշեմ, որ առաջին անգամ ըլլալով ձեր կառավարութիւնը ձեւակերպած է մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ գործունէութեան համապարփակ ծրագիր», ըսաւ Պրետլի Պուզեթօ:
Լրագրող մը հարցուցած է, որ այսքան շատ կը խօսուի հանրահաւաքներու ճամբով իրենց քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներուն համար պայքարող մարդիկ հետապնդումներու ենթարկելու մասին, եւ որ անոնցմէ շատերը նոյնիսկ կը դիմեն Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան, ուրեմն ի՞նչպէս կարելի է այս արդիւնքը ունենալ։ ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակի պատասխանատուն կրկին արձանագրեց. «Տասնամեակներու ընթացքին մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ կարելի չէ անտեսել այս մէկը»։
Ան նշեց, թէ քանի որ կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն ու անմիջականօրէն կը զբաղին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, շատ չ՛ուզեր ծանրանալ այդ իրաւունքներուն վրայ: Ան նաեւ աւելցուց, որ եթէ մարդիկ կը բողոքեն եւ կարելիութիւն ունին իրենց բողոքները հասցնելու դատարան, ուրեմն այդ կը նշանակէ, որ որոշ դրական մթնոլորտ կայ երկրին մէջ:
Պրետլի Պուզեթօ տեղեկացուց, որ ՄԱԿը ոչ միայն կառավարութեան հետ կ՛աշխատի, այլ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ՝ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման առնչութեամբ:
Եւ համագործակցութեան ոլորտ-ներ են՝ կայուն տնտեսական զարգացում, ժողովրդավարական պետական կառավարման խրախուսում, երրորդ ուղղութիւնը կառավարութեան աջակցութիւնն է՝ ընկերային ծառայութիւններու մատուցման գծով, իսկ չորրորդ ուղղութիւնը շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնն ու կայուն կառավարումն է:
Ըստ ՄԱԿի պատասխանատուին՝ մարդասիրական ոլորտին գծով շատ յստակ աջակցութիւն սահմանուած է 12,000 սուրիահայու:
«Որեւէ երկրի մէջ զարգացման ուղիներէն մէկը աղքատութեան մակարդակի նուազեցումն է, մարդոց համար աշխատատեղերու ապահովումը», ըսաւ ան։
ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարը նշեց, որ կ՛աշխատին նաեւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու հետ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.