Նախորդ շաբաթ Թուրքիոյ կառավարութիւնը շռնդալից ապտակ մը ստացաւ, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մերժուեցաւ անոր դիմումը Ապահովութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու: Ըստ էութեան, միջազգային հանրութիւնը կը մերժէր Թուրքիոյ անընդունելի քաղաքականութիւնը՝ իր երկրին մէջ եւ անկէ դուրս:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն մեծամտաբար կը կանխատեսէին այդ հեղինակաւոր աթոռին ապահովումը իրենց երկրին համար: Քուէարկութեան նախորդ գիշերը Չաւուշօղլու ճոխ խնճոյք կազմակերպած էր ՄԱԿի դեսպաններուն համար Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Ուալտորֆ Ասթորիա» պանդոկին մէջ:
Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու ՄԱԿի պատուիրակներուն անձամբ լոպիինկ ընելու համար Նիւ Եորքի մէջ քանի մը օր անցընելէ ետք՝ լաւատեսօրէն յայտնեց լրատուամիջոցներուն. «Կը կարծենք, թէ մեր բոլոր հիանալի ջանքերը, Աստծոյ շնորհքով, իրենց արտացոլումը պիտի ունենան վաղուան քուէարկութեան վրայ: Ի հարկէ, ասիկա քուէարկութիւն է, ամէն տեսակ արդիւնք կրնայ արձանագրուիլ: Սակայն կը կարծենք, թէ Աստուծոյ կամքով, մենք պիտի ստանանք մեր կատարած աշխատանքին արդիւնքը»:
Վարչապետ Տաւութօղլու նոյնքան լաւատես էր, որ Թուրքիա կրնայ հասնիլ «պատմական յաղթանակի»: Արդարեւ, ՄԱԿի քուէարկութենէն ընդամէնը երկու օր առաջ ան հպարտութեամբ յայտարարեց. «Եթէ ընտրուինք, իսկ մենք կը հաւատանք, որ անոր հաւանականութիւնը շատ մեծ է, մենք պիտի ըլլանք աշխարհի առաջին երկիրը, որ երկրորդ անգամ կ՛ընտրուի հինգ տարուան դադարէ ետք: Ասիկա ցոյց կու տայ Թուրքիոյ կարեւորութիւնը»:
Ի դժբախտութիւն թուրք ղեկավարներուն՝ անոնց սպասումները չարդարացան: Հակառակ Չաւուշօղլուի աշխոյժ քարոզչական ջանքերուն եւ աստուածային միջամտութեան բուռն ցանկութեան՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին 193 անդամ պետութիւններէն միայն 60ը քուէարկեցին Թուրքիոյ օգտին, իսկ անոր մրցակից Սպանիան ստացաւ 132 քուէ՝ ընդգրկուելով Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իբրեւ ոչ մնայուն անդամ, երկու տարի ժամկէտով:
Ինչո՞ւ այս տարի Թուրքիան կորսնցուց 151 քուէներու կէսէն աւելին, զոր ստացած էր 2008 թուականին Ապահովութեան խորհուրդի անդամակցութեան յաջող դիմումին ընթացքին:
Ահա՝ Թուրքիոյ այս անգամուան ձախողութեան հիմնական պատճառները.
– Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ մեծ թիւով երկիրներու եռանդուն քարոզարշաւը, ի թիւս այլոց՝ Հայաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Յունաստանի, Իսրայէլի, Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ:
– Նախագահ Էրտողանի բուռն հակամարտութիւնը հզօր թուրք իսլամական կրօնապետ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Թուրքիա կորսնցուց շարք մը ափրիկեան երկիրներու ձայները, ուր Կիւլենի հետեւորդները մեծ ներկայութիւն ունին: Ասիկա լուրջ տեղաշարժ է 2008 թուականէն ետք, երբ Կիւլենի կողմնակիցները մեծ թիւով ձայներ ապահոված էին Թուրքիոյ համար:
– Թուրք ղեկավարներու անհեռատես որոշումը՝ երկրորդ անգամ անդամակցութեան դիմելու, 2009-2010 Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ընտրուելէ կարճ ժամանակ ետք: Թուրքիոյ վերընտրութիւնը կը զրկէր այլ երկիրներուն՝ ՄԱԿի այդ կարեւորագոյն մարմինին անդամակցելու առիթէն:
– Տաւութօղլուի մեծամիտ նորօսմանեան նկրտումները թշնամացուցին մերձաւորարեւելեան երկիրներուն մեծ մասը՝ շրջելով անոր «զերօ խնդիրներ դրացիներուն հետ» քաղաքականութիւնը դէպի զերօ հարեւաններ՝ առանց խնդիրներու… «Pew» հետազօտական կեդրոնի ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ անբաղձալի վարկանիշը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իջած է աննախադէպ ցած մակարդակի:
– Էրտողանի բռնապետական իշխանութիւնը իր երկրին մէջ, ներառեալ՝ ցուցարարներուն վրայ բանեցուած արիւնոտ ճնշումը Կեզի հանրապարտէզին մէջ, լրագրողներու բանտարկութիւնը եւ «Թուիթըր» ու «Դիմատետր» ընկերային-հասարակական ցանցերու արգիլումը: Անոր արհամարհական խօսքերը. «Հոգս չէ, թէ միջազգային հանրութիւնը ինչ կրնայ ըսել», զայրացուցած էին բազմաթիւ անձեր ամբողջ աշխարհի մէջ: Թուրքիոյ դէմ քուէարկութիւնը ՄԱԿի անդամներու պատասխան կշտամբանքն էր Էրտողանին: Սեպտեմբերին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէջ նախագահ Էրտողանի ամբարտաւան ելոյթին ընթացքին պատուիրակներուն մեծ մասը դահլիճէն դուրս ելած էր:
– Լարուած յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հետ՝ ՏԱԷՇի (Իսլամական պետութեան) դէմ պատերազմին աջակցելէ հրաժարելու եւ օտար ժիհատականներու կողմէ Թուրքիոյ սահմանէն քայլ մը անդին գտնուող քիւրտ քաղաքացիները չպաշտպանելու պատճառով: Ի պատասխան, աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մեկնաբանները կոչ ուղղեցին Թուրքիան վտարելու ՆԱԹՕէն եւ մերժելու անոր՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու դիմումը: Դժգոհ ըլլալով Թուրքիոյ թշնամական դիրքորոշումէն՝ նախագահ Օպամա Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շատ ցած մակարդակի պաշտօնեայ մը ուղարկեց Էրտողանի նախագահական երդման արարողութեան, Օգոստոս 28ին:
Անտեսելով Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Թուրքիոյ ձախողութեան այս բոլոր տրամաբանական պատճառները, արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու իր երկրի պարտութիւնը կեղծօրէն պատճառաբանեց այն բանով, թէ չէ ուզած ոտնակոխել «Թուրքիոյ արժէքները յանուն առաւել ձայներու»: Այս ծիծաղելի յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ այնպիսի երկրի մը արտաքին գործոց նախարարը, որ միլիոնաւոր տոլարներ լեցուցած է ամբողջ աշխարհի փոքրիկ կղզի-պետութիւններու եւ ափրիկեան աղքատ երկիրներու գանձարանները՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին անոնց ձայները գնելու համար:
Վերջապէս, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ընդգրկուելու ձախողութիւնը կը սահմանափակէ Թուրքիոյ կարելիութիւնները՝ շահագործելու ՄԱԿի հզօր կառոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով համաշխարհային քայլերը խոչընդոտելու համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը