ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Ընկերային ապահովութեան (Social Security) վարչութիւնը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին հաղորդեց, թէ յառաջիկայ Յունուար 1էն սկսեալ, Ընկերային ապահովութեան ծրագիրէն օժանդակութիւն ստացողներու վճարումները 1.7 տոկոսով պիտի աճին։
Միջին ամսական վճարումը 1328 տոլարի պիտի բարձրանայ։
Նշենք, որ 2014ի աճը 1.5 տոկոս եղած էր, իսկ 2013ի, 2012ի ու 2011ի աճերը, յաջորդաբար՝ 1.7, 3.6 ու 0 առ հարիւր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.