
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ:
Ռոհանի քննադատեց այն իրողութիւնը, որ կարգ մը կողմեր կը շարունակեն աջակցիլ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական խմբաւորումին, հակառակ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն։
Ռոհանի ըսաւ, որ Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներու օդային հարուածներուն շարունակումը երկար ժամկէտի վրայ կրնայ նպաստել նոյնինքն «Իսլամական պետութեան»՝ նշելով, որ շրջանի հարցերը իրարու կապուած են, իսկ շրջանի երկիրները պէտք է համագործակցաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
Ռոհանի, խօսքը Իրաքի վարչապետին ուղղելով՝ յայտնեց. «Իբրեւ ձեր արտասահմանեան առաջին այցելութեան վայր Թեհրանը ընտրելը երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն ցուցանիշ մըն է եւ ցոյց կու տայ, որ երկու երկիրներու յարաբերութեանց մէջ շրջադարձ մը պիտի ըլլայ»:
Իր կարգին, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը շրջանի բոլոր երկիրներուն գոյութեան կը սպառնայ, եւ մենք վստահ ենք, որ Իրան մեր կողքին պիտի մնայ՝ մինչեւ այս մահացու հիւանդութեան վերջ տալը»:
Միւս կողմէ, Իրանի զինուորական ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Հասան Ֆէյրուզ Ապատի յայտնեց, որ իսլամութեան թշնամիները դժուար խաղ մը սկսած են եւ պէտք է պատրաստուին շատ խիստ պատիժի՝ զանոնք զգուշացնելով քիւրտ իսլամներու զայրոյթէն, մասնաւորաբար՝ Քոպանիի եւ Իրաքի Քիւրտիստանի վրայ յարձակումներէն ետք:
Զօր. Ապատի ըսաւ, որ քիւրտ ժողովուրդը, որուն երակներուն մէջ իրանեան արիւն կը հոսի, պիտի չմարսէ Քոպանիի մէջ իր զաւակները բնաջնջելու փորձը, որուն պատճառով «Իսլամական պետութիւն»ն ու զայն պաշտպանողները վրէժխնդրական բուռն արարքներ պիտի դիմագրաւեն:
Ըստ անոր՝ «սիոնականներու դաշնակիցները աշխատանք կը տանին «Իսլամական պետութիւն»ը հզօրացնելու՝ անոր դէմ պայքարի պիտակին տակ»: