
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ըստ ամերիկեան օրէնքին՝ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, հակառակ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ իր առնչութեան: Ան աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն Անգարայի փոխանցած է «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուող այդ կուսակցութեան աջակցութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը:
«Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, ըստ Միացեալ Նահանգներու օրէնքին՝ օրինական խմբաւորում մըն է», ըսած է Հարֆ՝ աւելցնելով. «Թուրքիոյ յստակ դարձուցինք, թէ կը հաւատանք, որ շատ կարեւոր է Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան աջակցիլը. այս քիւրտ զինեալները եւ փոքրաթիւ ոչ-քիւրտ զինեալները ետ կը մղեն «Իսլամական պետութիւն»ը»:
Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւը՝ Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերն ու կիներէ բաղկացած Կիներու պաշտպանութեան ուժերը, կը շարունակեն ետ մղել Թուրքիոյ սահմանակից Քոպանիի վրայ յարձակող «Իսլամական պետութիւն»ը։
Միւս կողմէ, ակնարկելով այն լուրերուն, թէ իսլամ ծայրայեղականները գրաւած են քիւրտերուն հասցէագրուած զէնքերուն մէկ մասը՝ Փենթակոն նշած է, որ զինամթերքի մեծամասնութիւնը հասած է նպատակին։
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին՝ ծայրայեղականներու հակակշիռին տակ գտնուող շրջանի մը մէջ ինկած զէնքերուն մէկ արկղին վրայ ամերիկեան ռազմական օդանաւեր կրակած են՝ ոչնչացնելով զայն։ Բանբերին համաձայն՝ քիւրտերը այժմ իրենց հակաշիռին տակ առած են Քոպանիի մեծ մասը։
Նաեւ, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆայլըն Բրիտանիոյ խորհրդարանին յայտնեց, որ բրիտանական անօդաչու սարքեր թռիչքներ պիտի կատարեն Սուրիոյ վերեւը եւ ի հարկին յարձակումներ պիտի գործեն: