ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Հոկտեմբերին ընդունած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող Բանաստեղծութեան արցախեան միջազգային երկրորդ փառատօնի խումբ մը մասնակիցներ:
Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Արցախի մէջ նման փառատօնի կայացումը արդէն իսկ դարձած է աւանդական՝ աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւններ կարեւոր դերակատարութիւն ունին մեր մշակոյթի զարգացման եւ Արցախը արտաքին աշխարհին ճանաչելի դարձնելու առումով:
Հանդիպման կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.