
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմՌատիօ».- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժա կազմակերպութեան տիրութեան տակ գտնուող սպառնալիքներէն կը նկատէ նաեւ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան սրումը» եւ «անոր լուծումը ռազմական ճամբով, ինչպէս կը յայտարարէ Ատրպէյճանի նախագահը»։ Այս մասին կը հաղորդէ «Իթար-Թասս»ը:
ՀԱՊԿ սպառնալիքներէն է նաեւ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային առաքելութեան դադարեցումը, որ «կ՛առաջնորդէ հոն, ուր թալիպանները ուժ կը հաւաքեն, մանաւանդ որ արդէն կը գտնուին երկրի հիւսիսը՝ աֆղանական- տաճկական սահմանին մօտ»:
Այլ սպառնալիք է նաեւ Ուքրանիան, որ «ոչ միայն համաշխարհային հակամարտութեան ներազդող է, այլ նաեւ անկայունութեան աղբիւր»:
Պորտիւժա այս յայտարարութիւնները կատարած է Վիեննա գտնուող, Ռուսական գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնին յարկին տակ կազմակերպուած կլոր սեղանին ընթացքին, որ նուիրուած էր եւրասիական տարածքին մէջ անվտանգութեան սպառնալիքներուն:
«Անհրաժեշտ է շտապ կերպով վերականգնել համագործակցութիւնը, որ կազմակերպուած էր 2001էն ետք, այսպէս կոչուած՝ հակաահաբեկչական համախոհութիւնը: Եթէ ատիկա չըլլայ, ապա մենք անվտանգութեան ոլորտին մէջ լուրջ խնդիրներու ականատես պիտի ըլլանք. խնդիրներ, որոնք ոչ միայն կ՛առնչուին Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ երկիրներուն, այլ նաեւ Եւրոպային», յայտնած է ան։