
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակները պնդեցին, թէ Սպիտակ տան այցելուներու սրահին մէջ ցուցադրուելիք հայկական գորգը «որեւէ կապ չունի Հայկական Ցեղասպանութեան հետ»՝ նշելով, որ ամերիկացիները այս գորգը ծանօթացնելու համար իրենց հրատարակած բացատրագիրին մէջ գրած են, թէ «այս գորգը Ամերիկայի նուիրուած էր «տեղափոխուած հայ որբերուն ի նպաստ Ամերիկայի կատարած օժանդակութեան փոխարէն»։
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն՝ Սպիտակ տունը այս նախադասութեամբ արդէն իսկ «կտրած է այս գորգին շնորհիւ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը շահագործելու հայկական լոպիներու ռազմավարութեան ճամբան»՝ պնդելով, որ սխալ է այս գորգին ցուցադրութիւնը մեկնաբանել որպէս ազդանշան մը այն մասին, թէ Սպիտակ տունը այժմ պիտի որդեգրէ հայկական պնդումներուն ի նպաստ դիրքաւորում։
Յիշեցնենք, որ այս մասին «Ասպարէզ»ի հարցումին պատասխանելով՝ Սպիտակ տունը նշած էր. «Նախագահն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակաբար պատմական իրականութիւն համարած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ու ցաւակցութիւն յայտնած են անոր համար՝ միաժամանակ շեշտելով, որ անոր ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը բոլորին, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ամերիկայի համար, նպաստաւոր պիտի ըլլայ»։
Միւս կողմէ, այս հարցը մեծ արձագանգ ստացած է նաեւ թրքական մամուլին մէջ, ուր Սպիտակ տան այդ քայլը մեկնաբանուած է իբրեւ Թուրքիոյ հասցէագրուած ուղերձ:
Մասնաւորապէս, թրքական «Էլազիկտանհապեր» լրատու կայքը կը նշէ, որ հայկական գորգի ցուցադրումը կարելի է դիտարկել Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Ինճիրլիք խարիսխին շուրջ բանակցութիւններու ծիրին մէջ: Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզէ խարիսխը օգտագործել իսլամ ծայրայեղականները հարուածելու համար: Իբրեւ այս տեսակէտին հիմնաւորում, կը նշուի, որ հայ որբերու գորգը Հայկական Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ դարձած է, եւ այդ գորգին ցուցադրումը բազմիցս խոչընդոտած է Սպիտակ տունը՝ մերժելով զայն հանել իր պահեստէն: