ԵՐԵՒԱՆ.– 23 Հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շտայնմայերը: Ան պիտի տեսակցի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները, որոնց պիտի յաջորդէ միացեալ մամլոյ ասուլիս: Նոյն օրը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.