ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Հայկական «վըրչուըլ» համալսարանը աշխարհի մէջ առցանց կրթութիւն տրամադրող առաջատար կառոյցներէն մէկն է, որ կ՛առաջարկէ հայագիտական կրթութիւն՝ նորագոյն արհեստագիտութեան միջոցով: Ըստ համալսարանի հիմնադիր, նախագահ Երուանդ Զօրեանի՝ գործունէութեան 5 տարիներուն ընթացքին համալսարանը ունեցած է աւելի քան 3500 շրջանաւարտ՝ աշխարհի 73 երկիրներէ։
Այս «վըրչուըլ» համալսարանը լայն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են համապատասխան կրթութիւն ստանալով՝ անկախ տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն: Համալսարանի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել կրթական վըրչուըլ համայնք, որ պիտի միաւորէ համայն հայութիւնը՝ դարձեալ անկախ բնակութեան վայրէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.