ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ մինչեւ Նոյեմբեր 24, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակը «անհասանելի չէ»:
Քերի Փարիզի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ակնկալենք, որ այդ թուականէն առաջ արդիւնքի մը հասնինք, սակայն համոզուած եմ, որ հիմնականը արհեստականօրէն ճշդուած ժամկէտները չեն, այլ՝ համաձայնութեան խորքը, որակը»:
Քերի նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա կը շարունակեն «սերտօրէն գործակցիլ» Իրանի հարցով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.