
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 Հոկտեմբերին ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուսը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Եւրոպա-Արցախ փոխադարձ գործակցութեան, շրջանային հոլովոյթներուն եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը եւ պաշտօնական Ստեփանակերտը շահագրգռուած է փոխադարձ գործակցութեան շարունակական ընդլայնումով:
Հանդիպումին մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Էլենի Թէոխարուս Ստեփանակերտի մէջ նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ, կուսակցութեան կեդրոնին մէջ: