ՍՈՒՐՈՒՉ, Ուրֆա, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին, դաշնակից ուժերու ռազմական օդանաւեր հարուածած են Քոպանիի (Արաբունար, Այն Արապ) շուրջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան շարք մը դիրքերն ու հրասայլերը:
Քաղաքէն հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այս ռմբակոծումներուն շնորհիւ, քրտական ուժերը կրցած են վերագրաւել Քոպանիի կից գտնուող եւ ռազմագիտական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բլուր մը, որուն վրայ իսլամ ծայրայեղականները բարձրացուցած էին իրենց դրօշակը։
Սահմանի թրքական կողմը գտնուող «Էյ.Փի.»ի լրագրող մը հաստատած է, թէ նոյն երեկոյեան, բլուրին վրայէն վերցուած է իսլամ ծայրայեղականներուն դրօշակը։
Քաղաքին մէջ բախումները կը շարուկանուին քրտական եւ իսլամ ծայրայեղականներու ուժերուն միջեւ։ Վերջիններս կրցած են գրաւել քաղաքին մէկ երրորդը՝ գաղթականներու նոր ալիք մը պատճառելով։ Մօտաւորապէս 6000 գաղթականներ, վերջին քանի մը օրերուն հիւսիսային Իրաք ապաստանած են, մինչ Թուրքիա ապաստանած մօտաւորապէս 200 քիւրտ գաղթականներ արգելափակուած են անյայտ պատճառներով։ Երեքշաբթի օր անոնց արգելափակման դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է սահմանային Սուրուչ քաղաքին մէջ, իսկ արգելափակուածներէն քանի մը տասնեակը հացադուլի դիմած է, բողոքելու համար իրենց ձերբակալման դէմ։
Նշենք, որ անցած շաբաթավերջին, ծայրայեղականները մեծաթիւ յաւելեալ ուժեր ղրկած են Քոպանի՝ փորձելով քաղաքը պաշտպանող քիւրտերուն հետ ճակատամարտը վճռել: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ յաւելեալ զինեալներ ղրկուած են Ռաքքայէն եւ Հալէպէն:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ քիւրտերու հետ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է ծայրայեղականներու մարտական ղեկավարներէն Ապու Մուհամմատ Ամերիքին, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է:
Ծայրայեղականները յարձակած են Թուրքիոյ հետ սահմանային անցքին վրայ, սակայն չեն յաջողած զայն գրաւել, իսկ զինեալ մը պայթուցիկ նիւթերով բեռցուած բեռնակառքով մը անձնասպանական գործողութիւն կատարած է Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանային անցքին մօտ:
Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, թէ Թուրքիա համաձայնած է ամերիկեան ուժերուն արտօնել իր օդուժի ռազմակայանները օգտագործել, ծայրայեղականներու դէմ յարձակումներ գործելու համար: Սակայն աւելի ուշ, Անգարա հերքեց այս լուրը:
Նաեւ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց Քոպանիի մէջ ջարդի մը կանխարգիլման անմիջական քայլեր որդեգրելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.