«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Սօս գիւղին մէջ դպրոց մը պիտի կառուցէ: Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի (հովանաւոր Ճերրի Թրփանճեան) եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան միացեալ ֆինանսաւորմամբ:
Երկյարկանի դպրոցը՝ 830 քառմ. ընդհանուր տարածքով, նախատեսուած է 200 աշակերտի համար: Նոր կառոյցը պիտի ունենայ ընդարձակ դասարաններ, գրադարան, բժշկական բաժին, ուսուցչարան: Հիմնական շէնքին կից պիտի կառուցուի մարզական սրահ: Կը նախատեսուի նաեւ բացօթեայ մարզական հրապարակ՝ մարմնակրթութեան համար: Ներկայիս կը կատարուին հողը փորելու աշխատանքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.