«Սուրիոյ Մէջ կան Գիւղեր, Ուր Ցեղասպանութենէն Ետք Իսլամացուած Հայերու Սերունդներ Կ՛ապրին»
Վարեց՝ ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆ.- Եթէ խնդիրը միայն կրօնական տեսանկիւնէն պէտք է դիտենք, ապա նման մարդիկ կարելի է կոչել մէկ անունով՝ իսլամացած հայեր: Թուրքիոյ մէջ խնդիր կայ իսլամացած հայերու, որոնք պարտադրուած իսլամացած են (սա խօսակցութեան առանձին նիւթ է) եւ արաբական աշխարհի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, որուն ես քիչ մը աւելի ծանօթ եմ: Անոնց մէջ կան ե՛ւ կորսուած, ե՛ւ իսլամացած, բայց իրենց արմատները տակաւին յիշող, իրենց պատկանելիութիւնը պահող հայեր: Անշուշտ, կրնայ ըլլալ, որ շատերը չեն գիտեր անոնց մասին, յատկապէս, որ իրենք ալ չեն համարձակիր բարձրաձայնել իրենց պատականելիութեան մասին:
Սուրիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերը կարելի է բաժնել քանի մը խումբի: Խօսիմ օրինակներով: Ցեղասպանութեան օրերուն, Տէր Զօր եւ Ճէզիրէի շրջան հասած գաղթական հայերուն, տարբեր պատճառներով, տէր կանգնած են արաբ ցեղախումբեր:
Եղած են մարդիկ, որոնք իգական սեռի ներկայացուցիչները ամուսնացուցած են արաբ երիտասարդներու հետ, եւ անոնց զաւակները յետագային հպարտութեամբ կը յիշեն, որ իրենց մեծ մայրը հայ եղած է: Ես, օրինակ, Ճէզիրէի շրջանը այցելելու ժամանակ հանդիպեցայ ցեղախումբի մը, որուն մեծ մայրը հայ էր: Երբ փոքրիկ, հողաշէն տունէն ներս մտանք, շուրջ հարիւր տարեկան կինը նստած էր գետնին: Ան շատ քիչ բան կը յիշէր իր արմատներուն մասին: Երբ ուզեցինք զինք իր թոռնիկներուն, ծոռներուն հետ նկարել, կնոջ շուրջը հարիւրէ աւելի մարդ հաւաքուեցաւ: Բնական է, որ այդքան մարդ, եթէ նոյնիսկ շշուկով փորձէ խօսիլ, աղմուկ կը բարձրանայ: Ամէնէն հետաքրքրականը այն էր, որ երբ կինը ձեռքի գաւազանը զարկաւ գետին, անմիջապէս քար լռութիւն տիրեց: Այդ մէկը կը վկայէր այն մասին, որ ինք տակաւին յարգանք, հեղինակութիւն եւ գուրգուրանք վայելող կին էր:
Կան նաեւ այնպիսի դէպքեր, երբ արաբ ցեղախումբերը փրկած են հայ որբեր եւ զանոնք մեծցուցած իրենց ընտանիքին մէջ: Միաժամանակ ըսած են՝ մենք քեզի պահեցինք, մեծցուցինք, մեր ընտանիքի անդամ դարձուցինք եւ մեր զաւակներուն հետ նոյն իրաւունքը քեզ տուինք, սակայն, գիտցիր, որ քու արմատներդ հայ են, եւ զինք ամուսնացուցած են ծագումով հայու հետ: Հետեւաբար, այս մարդոց ոչ թէ մեծ մայրը հայ եղած է, այլ հայրն ալ, մայրն ալ ծագումով հայ են, եւ անոնց զաւակները այսօր արաբական անուններ կը կրեն, իսլամ են եւ կը յիշեն, որ մայրն ալ, հայրն ալ հայ են:
Երրորդ պարագան այն է, երբ ամբողջ գիւղի մը մէջ միայն ծագումով հայեր կ՛ապրին: Օրինակ՝ Տէր Զօրի շրջանին մէջ ապրող Պագգարա ցեղախումբը փոքրիկ գիւղեր յատկացուցած է հայկական արմատով կնոջ, տղամարդուն, որոնք իրարու հետ ամուսնացած են: Այդ գիւղերուն մէջ միայն ծագումով հայ մարդիկ կ՛ապրին: Այդ գիւղերէն մէկը կը կոչուի Հաթլի: Անոնք գիտեն, որ իրենք հօր եւ մօր կողմէ հայ են, եւ եթէ կրցած են յիշել, թէ իրենց հօր կամ մօր մականունը ինչ եղած է՝ փորձած են պահել: Օրինակ՝ այդ գիւղին մէջ կ՛ապրի Մուհամետ Կարապետ անունով մէկը: Քիչ մը տարօրինակ կրնայ հնչել Մուհամետ Կարապետ անունը, բայց նման անուններ կրող մարդիկ շատ են Հաթլիի մէջ: Անոնք արաբ են, իսլամ եւ յաճախ կը յայտնեն, որ այո՛, մենք Պագգարա ցեղախումբի մէկ մասնիկն ենք, բայց նաեւ՝ արմատով հայ:
Մէկ այլ օրինակ բերեմ: Ճէզիրէի շրջանին մէջ կ՛ապրի Աշիրէթ էրմենի շաթաթ անունով ցեղախումբը: Փորձենք թարգմանել ցեղախումբին անունը. աշիրէթ կը նշանակէ ցեղախումբ, էրմենի՝ հայ, շաթաթ՝ ցրուած: Անունը արդէն ամէն ինչ կ՛ըսէ ցեղախումբին մասին: Փաստօրէն, անիկա կազմուած է հայու բեկորներէ, որոնք իսլամ են՝ արաբ պետէուիններու պէս, սակայն, իմանալով, որ արմատով հայ են՝ իրենց ցեղախումբը կոչած են Աշիրեթ էրմենի շաթաթ: Այս է արաբական աշխարհի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերու պատմութիւնը. հայեր, որոնց առաջին հանգրուանը Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիան էր:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Թէեւ անոնք այսօր արաբ են, իսլամ, բայց որեւէ բանով կ՛առանձնանա՞ն արաբներէն:
ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆ.- Այո՛, բնականաբար: Օրինակ Հաթլիի մէջ, երբ երիտասարդները ամուսնութեան տարիքին կը հասնին, ծնողները անոնց կը պարտադրեն ամուսնանալ իրենց «նմանի»ին հետ՝ պատկանելիութեան գիծը պահելու համար: 2001 թուականին մենք յատուկ ձեռնարկով երախտագիտական յուշանուէրներով պարգեւատրեցինք այն արաբ ցեղապետերը, որոնց ցեղախումբերը մարդկային, հիւրընկալ վերաբերում ցուցաբերած էին մեր տարագիր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն նկատմամբ: Նախապատրաստական աշխատանքներու օրերուն գացած էինք Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիր: Երբ յուշահամալիրէն դուրս ելանք, քահանան մօտեցաւ եւ, ցոյց տալով քիչ մը այն կողմ կեցած երիտասարդները, ըսաւ, որ կ՛ուզեն խօսիլ մեզի հետ: Երբ մօտեցայ, հարցուցի, թէ ինչով կրնանք օգտակար ըլլալ: Անոնք պատասխանեցին. «Գիտէք, մենք ծագումով հայ ենք, որքան ժամանակ է կը ցանկանք մտնել այս յուշահամալիրը, որ մեր սիրտին հետ խօսող բան մը ունի, բայց չենք համարձակիր, որովհետեւ մենք այսօր արաբ ենք, իսլամ: Երիտասարդներու խումբը Հաթլէյէն էր: Ես անոնց ըսի. «Անշուշտ կրնաք, եթէ այդ արմատն ալ չունենայիք, դարձեալ կրնայիք մտնել»: Երիտասարդները մտան յուշահամալիր, այցելեցին եկեղեցի, փոքրիկ աղօթք մը ըրին, իջան ցուցասրահ, ուր ցուցադրուած էին Եղեռնի մասին պատմող վկայութիւններ, դիտեցին, յուզուեցան եւ ապա ըսին, որ «եթէ մենք ցանկանք մեր արմատներուն վերադառնալ՝ ի՞նչ միջոցներ կան»:
Սուրիոյ եւ իսլամական երկիրներու մէջ այդ մէկը խորթ հնչող բան է, որովհետեւ իսլամական հասկացողութեամբ, երբ ոեւէ անձ, որ իսլամ է եւ իր կրօնէն կը հրաժարի՝ մահուան կ՛արժանանայ: Այդ անյարմարութիւններէն հեռու մնալու համար ես անոնց ըսի. «Մենք ուրախ ենք, որ դուք չէք մոռցած ձեր արմատները, չէք մոռցած ձեր իրական պատկանելիութիւնը, սակայն, դուք ալ գիտէք, որ նման քայլեր ունին իրենց բացասական կողմերը: Պահեցէք ձեր հայութիւնը, մենք ալ կը պահենք ձեր նկատմամբ հարազատութիւնը՝ մնացեալը ձգելով ապագային, տեսնելով, թէ անիկա ինչ կը բերէ»:
Նման մարդոց կողքին, սակայն, կան բոլորովին կորսուածներ, որոնք բան չեն յիշեր իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան մասին:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Այնուամենայնիւ, մեր վերաբերումը այդ մարդոց նկատմամբ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ, մանաւանդ որ մեր եկեղեցւոյ վերաբերումը այս առումով քիչ մը զգուշաւոր է:
ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆ.- Անշուշտ, որովհետեւ նման նիւթի արծարծումը, տարածումը, նոյնիսկ հնչեցումը արդէն իսկ խորթ է բոլոր իսլամներուն եւ արաբներուն համար: Ինչպէս քիչ մը առաջ ըսի, երբ ոեւէ իսլամ կը հրաժարի իր կրօնէն, մահուան կը դատապարտուի: Անոնք կ՛ընդունին, որ կրօնները, յատկապէս միաստուած կրօնները, յաջորդաբար եկած են՝ որպէս զարգացում: Այսինքն, Մովսէսականութենէն ետք եկած է Քրիստոսը՝ կատարելով մէկ քայլ առաջ, ապա եկած է Մուհամետը, որուն պարագային կրօնը նոյնպէս մէկ քայլ առաջ անցած է: Հետեւաբար, անձ մը չի կրնար ետ երթալ: Անոնք, որոնք ետ կ՛երթան, կը նահանջեն, ապրելու արժանի չեն:
Եւ ճիշդ է, որ մենք պէտք է զգուշաւոր ըլլանք անոնց նկատմամբ, եւ մեր եկեղեցին՝ նոյնպէս:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Բայց այսօր Թուրքիոյ մէջ շատ են անոնք, որոնք կը վերադառնան իրենց արմատներուն եւ կը մկրտուին: Արդեօք մենք պէ՞տք է անտեսենք այս փաստը:
ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆ.- Թուրքիան տարբեր երկիր է, եւ պետութեան համար կրօնը եւ կառավարութիւնը իրարմէ անջատ են: Փոքրիկ օրինակ մը բերեմ: Սուրիոյ մէջ, արաբական աշխարհի մէջ, եթէ ամուսնութիւնը կրօնական իշխանութիւններուն կողմէ չվաւերացուի, պետութիւնը նոյնպէս չի վաւերացներ: Բայց Թուրքիոյ մէջ այդպէս չէ: Ամուսնութիւնը կրնայ գրանցուիլ միայն դատարանին մէջ եւ օրինական համարուիլ: Այնպէս որ, Թուրքիոյ պարագան տարբեր է:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Բայց, հետաքրքրական է լսել ձեր անձնական կարծիքը: Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ մեր վերաբերումը այն մարդոց նկատմամբ, որոնք, անտեսելով վտանգը, կը բարձրաձայնեն իրենց իրական ինքնութեան մասին:
ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆ.- Ես չեմ ուզեր ընդհանուր կարծիք յայտնել, պարզապէս իմ անձնական համոզումս ըսեմ: Ողջունելի է, պէտք է հոգ տանիլ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, բայց նաեւ՝ զգուշաւոր ըլլալ, որովհետեւ այս ձեւով կրնան սպրդումներ պատահիլ: Այսինքն, նման զգացումով մօտեցող ոեւէ մէկուն անմիջապէս գրկաբաց ընդունիլն ալ այդքան ճիշդ չէ, որովհետեւ քաղաքական աշխարհին մէջ նման սպրդումներ, թափանցումներ միշտ եղած են եւ վնասակար կրնան ըլլալ: