
«Էլիս Այլըտ» շքանշանը կը շնորհուի Միացեալ Նահանգներու Ցեղային կազմակերպութեանց ազգային համախմբումին կողմէ, նպատակ ունենալով ցեղային եւ կրօնական տարբեր խմբաւորումներու միջեւ հասկացողութիւնն ու յարգանքը ամրապնդել: Շքանշանը կը շնորհուի անոնց, որոնք երկիրին իրենց տրամադրած սպասարկութեանց կողքին, յատկանշական ներդրում ունեցած են նաեւ իրենց ազգային համայնքներու կեանքին մէջ:
Հանրային մարզէն ներս, Պալեանի սպասարկութիւնները սկսած են Լոս Անճելըս գաւառի շրջանային դատախազի գրասենեակէն, ուր ան 1964-1970 տարիներուն օգնականը եղած է շրջանային դատախազ Էվել Եանկին ու նոյն պաշտօնին վրայ մնացած է, երբ Եանկ դարձած է Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատախազ (1971-1979)։ 1980ին, ան Ռեկըն-Պուշ ընտրապայքարի քաղաքացիական ծրագիրներու պատասխանատուն եղած է, իսկ 1984ին, նախագահհ Ռեկընի կողմէ նշանակուած է 15 հոգինոց Չափահասներու կրթութեան ազգային խորհրդակցական մարմինի անդամ՝ ծառայելով մինչեւ 1988 եւ 1985-88 տարիներուն՝ հանդիսանաով անոր ատենապետը։
Ան կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետի պաշտօնին համար Փիթ Ուիլսընի մղած ընտրապայքարին, որմէ ետք նահանգապետ Ուիլսըն զինք նշանակած է Քալիֆորնիոյ կանանց հարցերու յանձնաժողովի անդամ (1991-96), որուն ատենապետի պաշտօնը ստանձնած է 1994-96 տարիներուն։ Իբրեւ այդ յանձնաժողովի ներկայացուցիչ, Պալեան 1995ին մասնակցած է Չնիաստանի մէջ կայացած ՄԱԿի 4րդ համաշխարհային խորհրդաժողովին։ 1991-97 տարիներուն, Պալեան նաեւ եղած է «Նորթրոփ Կրամըն» ընկերութեան կառավարութեան հետ յարաբերութեանց պատասխանատուն։
Հայ համայնքէն ներս Պալեանի մատուցած կամաւոր սպասարկութեանց ծիրէն ներս, ան ծանօթ է հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածներով։ Նաեւ, երկար տարիներով եղած է Արեւմտեան թեմի տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամ եւ 15 տարիներու ընթացքին եղած է անոր ատենապետը։ Թեմական խորհուրդի անդամ ընտրուած է 2006ին ու վերընտրուած 2008ին՝ ստանձնելով անոր քարտուղարի պաշտօնը։ Ան նաեւ պատուոյ ատենապետն է կառավարական յարաբերութեանց յանձնախումբին ու անդամ՝ «Զօրայեան» թանգարանի եւ Կաղանդի տարեկան ձեռնարկի յանձնախումբերուն։
Պալեան ստացած է «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը՝ 2004ին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն, ինչպէս նաեւ «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ը՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանէն։ 2006ին, ան արժանացած է «Արարատ Տուն»ի Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Տարուան Հրեշտակը» մրցանակին եւ Էնսինօ քաղաքի առեւտուրի գրասենեակին շնորհած՝ դատաւոր Արմանտ Արապեանի անուան «Հանրային սպասարկութեան մրցանակ»ին։
Նոյեմբեր 22ի ճաշկերոյթին մասնակցութեան սակը 100 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 434-5295 թիւին կամ houry@phbancorp.com հասցէին։