ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս բաւական խօսուեցաւ այն նիւթական օժանդակութեան մասին, որ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան կողմէ պիտի կատարուի փոքրամասնական վարժարաններուն։ Այս մէկը, հանրապետութեան տասնամեակներուն ընթացքին առաջին անգամն է, որ կը կատարուի եւ կը հասնի բարձր գումարներու։
Պետութիւնը վերջերս վերջ տուած էր «Տերսհանէ» կոչուած դպրոցներու գոյութեան ու պահանջած, որ անոնք մէկ առ մէկ ձեւակերպուին սեփական վարժարաններու։ Այս ուղղութեամբ, նախատեսուած էր քաջալերական օժանդակութիւն կատարել այդ սեփական վարժարաններուն։ Բայց այս որոշումը տեղի տուաւ միւս սեփական վարժարաններու անհանգստութեան. անոնք պնդեցին, թէ իրենք ալ պէտք է օգտուին այս ծրագիրէն։ Կրթական նախարարութիւնը ընդունեց առաջարկը, ու այլ սեփական վարժարաններու կարգին, փոքրամասնական վարժարաններն ալ ընդգրկուեցան օժանդակութեան շրջանակին մէջ։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8ին, «Միլլիյէ»չի մէջ հրատարակուած է, որ փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն կատարուելիք օժանդակութեան առիւծի բաժինը ինկած է հայկական վարժարաններուն, որոնց թիւը բարձր է՝ բաղդատմամբ հրեաներու ու յոյներու վարժարաններուն։
«Միլլիյէ»չ գրած է, որ փոքրամասնական վարժարաններուն տրուելիք այս տարուան օժանդակութիւնը պիտի հասնի գրեթէ 10 միլիոն թրքական լիրայի, որ մրցանշային է։ Այս գումարին 7,843,000 լիրան (մօտաւորապէս 3.5 միլիոն տոլար) յատկացուած է հայկական վարժարաններուն։ Հրեաներու վարժարանը պիտի ստանայ 977,000 լիրա, իսկ յունական վարժարանը՝ 87,500 լիրա։
«Միլլիյէ»չ տուած է այս օժանդակութենէն օգտուող վարժարաններուն անունները, որոնց մէջ կան՝ Տատեան վարժարանը, Եշիլգիւղի վարժարանը, Թարգմանչաց վարժարանը, «Էսաեան»ը, «Կեդրոնական»ը, «Սահակեան-Նունեան»ը, «Լեւոն Վարդուհեան»ը, Սամաթիոյ «Անարատ Յղութիւն»ը, Պէզճեան Մայր վարժարանը, «Արամեան-Ունճեան»ը, Բանկալթըի «Մխիթարեան»ը, Պոմոնթիի վարժարանը, «Գարակէօզեան»ը, «Գալֆայեան»ը, Հրէից վարժարանը ու յունաց «Զողրաֆիոն» վարժարանը։
Նշեալ գումարները տակաւին դպրոցներուն չեն հասած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.