ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Ալամ» կայքի արաբերէն ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ «Սուրիոյ մէջ խաղաղ փոփոխութեան քրտական ազգային շարժում»ը թրքական կառավարութեան սպառնացած է Քոպանիի (Այն Արապ, Արաբունար) ճակատամարտը Պոլիս ու Անգարա փոխադրել, եւ Թուրքիան ամբաստանած է «Իսլամական պետութեան» հետ դաւադրաբար Քոպանի պաշարելու յանցանքով։ Շարժումին ընդհանուր քարտուղար Ալի Օմարի յայտնած է, որ թրքական կառավարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ, որ քիւրտ ոեւէ զինեալ Քոպանի մեկնի՝ զայն պաշտպանելու համար: Անդրադառնալով Պան Քի Մունի այն յայտարարութեան, թէ՝ պէտք է Քոպանիին օժանդակել, ան զարմանք յայտնեց եւ հարց տուաւ, որ այդ մէկը ինչպէ՛ս պիտի կատարուի, երբ թրքական բանակին եւ իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ պաշարուած է:
Ան նաեւ Էրտողանի կառավարութիւնը նկատեց ոճրագործ կառավարութիւն մը, որ սուրիացի ժողովուրդին դէմ կռուեցաւ, օժանդակեց իսլամ ծայրայեղականներուն, եւ քիւրտ զինեալներուն Քոպանի հասնիլը արտօնելու փոխարէն՝ կը փորձէ քաղաքական եւ ռազմական շահեր ապահովել:
Օմարի ըսաւ, որ ճակատամարտը պիտի փոխադրեն Պոլիս եւ Անգարա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.