ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կոմիտասի 145րդ յոբելեանը պիտի նշուի շարք մը նախաձեռնութիւններով։ 26 Սեպտեմբերէն 8 Հոկտեմբեր Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կոմիտասեան օրեր» փառատօնը, որուն ծիրին մէջ պիտի ներկայացուի Կոմիտասի ժառանգութիւնը իր բոլոր շերտերով: Պիտի կազմակերպուին երգչախմբային, ձայնային եւ դաշնամուրային երաժշտութեան 5 համերգներ: Իրադարձութիւնը կը կազմակերպեն Կամերային երաժշտութեան ազգային եւ Հայ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոնները:
Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեանը, «Կոմիտասեան օրեր» փառատօնին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ դժուար է գերագնահատել Կոմիտասի դերը երաժշտութեան զարգացման գոր-ծին մէջ:
«Մշակոյթի նախարարութեան այս տարուայ ամենակարեւոր իրադարձութիւնը «Կոմիտաս-145» յոբելեանն է: Կ՛անցկացուեն բազմաբնոյթ միջոցառումներ: Մասնաւորապէս՝ կը ներկայացուի Կոմիտասի մասին պատմող ֆիլմ, կը կազմակերպուեն գիտաժողով, մի շարք համերգներ: Իրադարձութիւնները կ՛ամփոփուեն տարեվերջին՝ մեծ համերգով», տեղեկացուցած է Արթուր Պօղոսեան:
Փառատօնի կազմակերպիչ, Կամերային երաժշտութեան ազգային եւ Հայ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոններու գեղարուեստական ղեկավար Մհեր Նաւոյեան՝ խօսելով «Կոմիտասեան օրեր» փառատօնին մասին, նշած է, որ փառատօնի կայացման համար ընտրուած է վարդապետին ծննդեան օրը՝ հին եւ նոր տոմարներով:
Կոմիտասեան օրերու մեկնարկը պիտի տրուի 26 Սեպտեմբերին, Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ, ուր մտաւորականները եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը յարգանքի տուրք պիտի մատուցանէ մեծ երգահանին շիրիմին վրայ: Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 26 Սեպտեմբերին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ, իսկ Հոկտեմբեր 2ին, 4ին, 7ին եւ 8ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ պիտի կազմակերպուին համերգներ։
Փառատօնին կը մասնակցին Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբերը եւ «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը՝ Ռոբերտ Մլքէյեանի, Սոնա Յովհաննիսեանի, Յարութիւն Թօփիկեանի եւ Մհեր Նաւոյեանի ղեկավարութեամբ: Որպէս մենակատարներ հանդէս պիտի գան դաշնակահարներ Արմէն Բաբախանեանը, Կարինէ Օհանեանը, Անտրէյ Քուրպըթը, մեներգիչներ Յասմիկ Թորոսեանը (սոփրանօ), Լիպարիտ Աւետիսեանը (թենոր), Լուիզա Երեմեանը (սոփրանօ), Անահիտ Պապայեանը (սոփրանօ), նուագակցող՝ Արմէն Աղաջանեան (դաշնակ):
«Փառատօնն իր առջեւ նպատակ է դրել ներկայացնել Կոմիտասին այնպիսին, ինչպիսին որ կայ: Այս օրերին հնչելու են միայն կոմիտասեան բնագրեր: Փառատօնի ընթացքում հանդէս կը գան տարբեր կոլեկտիւներ», յայտնած է Մ. Նաւոյեան:
Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Ռոբերտ Մլքէյեանը ցաւով նշած է, որ այն գոհար, զոր Կոմիտասը ստեղծած է, յաճախ կ՛աղաւաղուի: «Մենք ամէն տարի պէտք է նշենք Կոմիտասի ծննդեան օրը», յայտնած է ան:
Արդէն իսկ կայացած ու կայանալիք նախաձեռնութիւններուն կողքին նախատեսուած է ամբողջ տարուան ընթացքին կայացնել Կոմիտասի յոբելեանին նուիրուած միջոցառումներ:
Յոբելեանական տարին պիտի ամփոփուի 8 Դեկտեմբերին Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ Երգչախմբային արուեստի միջազգային օրուան առիթով կայանալիք համերգով: 2015 թուականին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ պիտի կազմակերպուի Կոմիտասին նուիրուած միջազգային գիտաժողով, պիտի ստեղծուի «Վարդապետի լռութիւնը» խաղարկային ժապաւէն, որ կ՛արծարծէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Նախագահին յանձնարարականով եւ «Փիւնիկ» պաշարներու զարգացման հիմնադրամին նիւթական աջակցութեամբ պիտի հիմնուի Կոմիտասի նուիրուած թանգարան–հիմնարկ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.