
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն՝ մեր ներկայ իրականութեան մէջ, հանրածանօթ ուսուցիչ, խղճամիտ տնօրէն, ազգային մեծ գործիչ, վաստակաշատ միութենական եւ երկարամեայ մտաւորական Երուանդ Պապայեանի մահուան քառասունքը կը նշուի:
Այս բոլորը կ՛ըսեմ առանց համեստութիւնը վիրաւորելու այն մարդուն, որ հայ մշակ մը ըլլալով հանդերձ, հայ գիրին ու գրականութեան հիացող ու տասնամեակներով սպասարկող մըն էր եւ որուն հետ հանդիպումս եղած էր շուրջ չորս տասնամեակներ առաջ, մեր այս հայահոծ քաղաքին մէջ՝ գրական երեկոյի մը ընթացքին:
Ինքն էր, որ մօտենալով ինծի հարցուցած էր, թէ իր հօր հետ քահանայի գործ տանող տէր Գրիգոր Խաչատուրեանի թո՞ռն էի, թէ ոչ: Այո, ըսած էի համարձակ:
Յայտնեմ, որ ես մեծ հայրս չեմ տեսած: Ան վախճանած էր իմ ծնունդէս քանի մը տարիներ առաջ: Այնպէս կ՛երեւէր, թէ ինք մեծ հօրս լաւ կը ճանչնար եւ աւելին՝ լաւ բաներ լսած էր անոր մասին: Ու այդ օրէն ի վեր գրեթէ մեր բոլոր նման հանդիպումներուն, պզտիկ յուշ մը կը պատմէր մեծ հօրս մասին ու զիս կը նետէր ինքնածին հպարտութեան մը գիրկը:
Ահա այս տողերը իբրեւ խղճի ու հոգիի պարտք այն հայուն, որուն կեանքը անցած էր ուսուցչական ասպարէզի մէջ:
Ինծի համար ան հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին համեստ խնկարկու մը ըլլալով հանդերձ, մեծութիւն մըն ալ էր:
Պապայեան, բառին իսկական առումով եւ հոգուով եւ բովանդակութեամբ մեծ մնաց եւ եղաւ նաեւ հարազատ այն վկաներէն մէկը, որ մեր լեզուին ու մշակոյթին, ազգին ու անոր պատմութեան սէրն ու պաշտամունքը փոխանցեց զինք յաջորդող սերունդին՝ անսակարկօրէն եւ օրինակելի կերպով:
Անկեղծօրէն ըսած, կ՛ուզեմ նաեւ հաստատել, թէ մեզմէ յաւէտ մեկնող նմանները ինծի համար անփոխարինելիներ են, որովհետեւ Սփիւռքի մեր ներկայ պայմաններուն մէջ, տարագիր սերունդի այս զաւակները, ամբողջ իրենց կեանքի տեւողութեան ազգային եւ մշակութային մեր կեանքին ոչ միայն համեստօրէն ծառայած էին, այլ՝ իրենց քրտինքին խառնած յարգանք սէր եւ գիտակցութիւն մեր ժողովուրդի մշակոյթին հանդէպ:
Պապայեան իբրեւ բարի մարդու վառ օրինակ, ապրեցաւ, գործեց եւ նուիրուեցաւ՝ մեկնելով ազնիւ, անոխակալ եւ գութով լեցուն մարդու սկզբունքներէն, իր ամբողջ կեանքի երկայնքին: Այդ պատճառաւ բոլորին ծանօթ եղած էր այս հայը, որ ժամանակի թաւալումով, մեզմէ շատերուն ոչ միայն որոշ կշիռք տուած՝ այլեւ հարուստ հունձքով մըն ալ արժեւորած էր:
Ոչ ոք կրնայ ժխտել Պապայեանի ու նաեւ իր սերնդակիցներուն այն հաւատքն ու համոզումը, որոնք իրենց կեանքին հետ ծնան, իրենց երակներուն մէջ շրջեցան եւ իրաւ հայ ըլլալու ու մնալու գիտակցութեամբ դարձան արդար ներշնչում զիրենք յաջորդողներուն:
Ճիշդ է, յետ մահու, արժանիքներ շարելու սովորութիւնը մարդկային է եւ հասկնալի: Սակայն այս չէ Երուանդ Պապայեանի պարագան:
Ան տարիներու թաւալումին հետ պահեց հայ ուսուցիչի, հայ տնօրէնի, հայ մաքուր միութենականի իր անսահման կոչումը:
Ամէն օր կարդաց եւ գրեց, խօսեցաւ եւ թելադրեց, ճշդեց ու սրբագրեց, պահեց ու պաշտպանեց մեր լեզուն, մեր գիրն ու գրականութիւնը, մեր դարերու պատմութիւնը, նոյնիսկ, երբ ֆիզիքական իր ուժերը դաւաճանել փորձեցին իր հոգիին եւ կամքին:
Ինծի համար ինք այն հազուագիւտ մեծերէն մէկն էր, որ ունէր հզօր անհատականութեան մագնիսական դաշտ, հայութեան եւ հայկականութեան շաղկապումով մտային եւ հոգեկան բնատուր շնորհներ, որոնց շնորհիւ հաստատօրէն մաս կազմեց ժամանակակից Սփիւռքի մեր պատմութեան:
Հաւատացէ՛ք, ազգային, մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած վաստակաշատ անձեր պատուելն ու պարգեւատրելը անհրաժեշտութիւն են, յատկապէս դաստիարակչական հեռանկարով։
Մեր արժանաւորները պէտք է մնան պատնէշի վրայ, որպէսզի յետագայ սերունդները դաստիարակուին անոնց բարի օրինակով։ Որովհետեւ նոյն այդ հայերը, որոնք դարձած էին Մեսրոպեան բանակին համեստ զինուորագրեալ ծառայողներ, իրենց շունչով կրցած էին իրենց յաջորդող սերունդներու հոգիներէն եւ միտքերէն ներս ոգեկան հայրենիք կառուցել, հայութեան աւիշ ներմուծել ու անհուն սիրով, համբերութեամբ եւ հոգածութեամբ դաստիարակել:
Բայց… կը նօսրանայ մեր փաղանգը:
Երուանդ Պապայեան մինչեւ իր մահը մնաց պատնէշի վրայ, իբրեւ կեցուածք եւ տեսակէտ ունեցող հայ մշակ:
Անկասկած, որ Հայաստանը, եկեղեցին, Սփիւռքը, մշակոյթը եւ հայ դպրոցն ու հայ աշակերտը, հայ միութիւնն ու հայ կազմակերպութիւնը իրեն համար մեծ արժէքներ կը ներկայացնէին եւ որոնց մասին ան ամէն օր տարիներով խօսեցաւ, անոնցմով տագնապեցաւ եւ այդ մասին գրեց ու անոնց համար իր ժամերը վատնեց։
Հաւատացած եմ, որ կրթական մշակը մտաւորական է: Նաեւ կրթական մշակը յատուկ առաքելութիւն ունի կատարելիք մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Առաքելութիւն մը, որ պէտք չէ սահմանափակուի սոսկ հայեցի դաստիարակութեան սահմաններուն մէջ, այլ պէտք է իր արտայայտութիւնը գտնէ մեր ժողովուրդի ընդհանրական կեանքէն ներս։
Կրկնելու գնով, աւելցնեմ, թէ ինծի համար կրթական մշակը այն անձն է, որ կոչուած է ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանը ըլլալու, անոր մտահոգութիւններուն թարգմանը հանդիսանալու, հոգեմտաւոր արժէքներու տարածման ռահվիրան դառնալու, մէկ խօսքով՝ ժողովուրդին առաջնորդը ըլլալու։
Երուանդ Պապայեան հայ կրթական մեծ մշակ մըն էր:
Յարգա՛նք իր վաստակին եւ բի՛ւր յարգանք իր յիշատակին։