ԳՄԳՄի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2014ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւի տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր՝ առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներու նուիրուած գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին հասած ըլլան ամենաուշը մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2014:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան՝ ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ դատակազմին մաս կը կազմեն՝ Կորիւն արք. Պապեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Պեպօ Սիմոնեան (ատենապետ), Ժիրայր Դանիէլեան (փոխատենապետ), Արմէն Ակեղիայեան (ատենադպիր), Կարօ Յովհաննէսեան, Արա Արծրունի եւ Յակոբ Պալեան:
Դատակազմին հասցէն՝ Armenian Catholicosate of Cilicia, P.O.Box 70317, Antelias Lebanon
E-Mail՝ chancellor@armenianorthodoxchurch.org։
Ծանօթ. դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
ԴԻՒԱՆ ԳՄԳՄ-Ի ԴԱՏԱԿԱԶՄ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.