
ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ վերջերս հանդիպում մը ունեցած են Հայ կեդրոն այցելած Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի ընտրութեանց (34րդ ընտրաշրջան) թեկնածու Հոզէ Սոլորիոյի հետ, որ մօտէն ծանօթացած է Հայ կեդրոնին ու անոր գործունէութեան։
Սոլորիօ եղած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ, իսկ ներկայիս շրջանի համայնքային համալսարանի հոգաբարձուներէն մէկն է։
Հանդիպումը, որուն միացած է նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահի շրջանային հարցերու վարիչի տեղակալ Պայծառ Թովմասեանը, առիթ մը եղած է քննելու շրջանի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
Սոլորիօ խոստացած է մօտէն գործակցիլ հայութեան հետ, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով։ Ան նաեւ իր ընտրապայքարի մանրամասնութիւնները քննած է եւ ապա իր մասնակցութիւնը բերած է Սրբոց Քառասնից Մանկաց եկեղեցույ մէջ կայացած համայնքային տարեկան փառատօնին՝ ելոյթ մը ունենալով անոր ընթացքին ու կրկնելով վերոյիշեալ խոստումները։