
ԼԻՆՔԸՆ, Նպրեսքա.- Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Նպրեսքայի համալսարանի Լինքընի մասնաճիւղէն ներս, Մարտ 19-20, 2015ին տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով մը, որուն նպատակն է վերարժեւորել Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութիւնը։
«Crossing the Centennial: The Historiography of the Armenian Genocide Re-Evaluated» խորագրուած գիտաժողովը կազմակերպուած է համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօսներէն փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանին կողմէ, իսկ անոր համահովանաւորներն են՝ Հրէական ուսմանց «Հերիս» կեդրոնը, Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը (NAASR) եւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS), համագործակցութեամբ համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին, Մարդկային իրաւանց եւ մարդասիրական հարցերու ծրագիրին եւ Ցեղային ուսմանց հիմնարկին։
Հայաստանէն, Քամպոտիայէն, Քանատայէն, Հոլանտայէն, Հունգարիայէն, Իսրայէլէն եւ Միացեալ Նահանգներէն կրթական 17 հիմնարկներէ 22 մտաւորականներ պիտի մասնակցին գիտաժողովին, որուն ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան հետեւեալ կէտերը.
– Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին մարդասիրական միջամտութիւնները.
– Հայկական Ցեղասպանութեան կիներն ու երեխաները.
– Հայկական Ցեղասպանութեան բաղդատութիւնը այլ ցեղասպանութեանց ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու հետ.
– Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքերը։
Գիտաժողովի ամբողջական յայտագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ Յունուարին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կարելի է դիմել փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանին՝ bdermatossian2@unl.edu հասցէով։