ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսրայէլ երկար ժամանակէ ի վեր կը խուսափէր բացայայտ քննադատութիւններ ուղղելէ Թուրքիոյ հասցէին՝ յոյս ունենալով, որ վերջին հինգ տարիներուն, թուրք-իսրայէլեան լարուած յարաբերութիւնները ի վերջոյ կը սկսին ջերմանալու։ Սակայն, դիւանագիտական այդ պատերազմի «զինադադար»էն ետք, առաջին «կրակոց»ը արձակեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն, որ հրապարակաւ Անգարան մեղադրեց «ահաբեկչութեան աջակցելու» յանցանքով։ «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ որոշած է խախտել լռութիւնը՝ Ամերիկային ցոյց տալու համար, որ Թուրքիա եւ Քաթար, որոնք Ամերիկայի ռազմավարական դաշնակիցներ կը նկատուին, բացայայտ կերպով կ՛աջակցին պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան։ Կ՛ենթադրուի, որ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու Թուրքիոյ եւ Քաթարի հասցէին ծանր քննադատութիւններով հանդէս պիտի գայ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին։
Ի դէպ, Եաալոն Սեպտեմբեր 10ին անակնկալ կերպով այցելած էր Պաքու։ «Թայմզ Իսրայէլ» թերթը կը նշէ, որ լրատուամիջոցներուն արտօնուած է Եաալոնի Ատրպէյճան այցելութեան մասին հաղորդել՝ Պաքուի օդակայանին մէջ անոր օդանաւի վայրէջքէն ետք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.