ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Սեպտեմբեր 13-20ին, Ատրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենան լայնածաւալ մարտավարական ռազմափորձեր՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մասնակցութեամբ։ Կը նշուի, որ զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին աւելի քան 30,000 զինուորներ, աւելի քան 250 զրահապատ մարտական ինքնաշարժներ, 150 հրթիռային եւ հրետանային սարքաւորում, 20 ռազմական օդանաւ եւ 15 ռազմական ուղղաթիռ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.