ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը Սեպտեմբեր 4ին ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է կազի՝ դէպի Ռուսիա մատակարարումը, վերանորոգման աշխատանքներուն պատճառով: Մէկ տարուան ընթացքին, ասիկա երկրորդ անգամն է, որ կը դադրեցուի Ատրպէյճանէն Ռուսիա կազի մատակարարումը: Յունուարէն Յունիս ամիսներուն, կազի փոխադրութիւնը կասեցուած էր ճամբու մը շինարարութեան պատճառով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.