
Երկուշաբթի, 2 Օգոստոսի երեկոյեան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Կրթասիրաց վարժարանի շրջափակին մէջ ընդունեց Հալէպի տագնապէն տուժած ընտանիքներ՝ ներկայութեամբ կղերական դասէն Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի, Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի եւ Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեանի:
Տէր Մաշտոց ողջունելով Հալէպի տագնապի զոհերու ընտանիքներուն ներկայացուցիչները՝ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար եւ անդրադարձաւ տագնապին իբրեւ հետեւանք ծնունդ առած ընկերային կարգ մը երեւոյթներու: Ան խօսքը ուղղեց այն այրի կիներուն, որոնք իրենց ողբերգութեան մէջ անգամ եկած էին եկեղեցի՝ ներշնչուելու դժուարութիւնները յաղթահարելու հաւատքով:
Ապա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽի) Ազգային պատսպարանի յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Հռիփ Կանանեան, որ յայտնեց, թէ Ազգային պատսպարանի յանձնախումբը մեկնելով Սուրիոյ պատերազմական վիճակէն, յարմար նկատած է օժանդակութեան նոր համակարգ մը ստեղծել 3-12 տարեկան որբացած եւ կարիքաւոր հայ երեխաներուն համար, հնարաւորութիւն ստեղծելով յաղթահարելու եւ մեղմացնելու անոնց դժուարութիւնները, զանոնք վարժեցնելով խաղաղ ու կարգապահ կեանքի եւ ընկերային ուրախ մթնոլորտի, որպէսզի «լոյս եւ յոյս սփռէ երեխաներու սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ, ժպիտ արձանագրէ անոնց դէմքերուն վրայ՝ զանոնք յանձնառու պատասխանատուներու եւ գիտակից ուսուցիչներու հսկողութեամբ վարժեցնելու օրինապահութեան, կամաւոր հնազանդութեան եւ հաւաքական կեանքի»:
Այսպէս, պատսպարանի յանձնախումբը կրթական մարզը առաջնահերթութիւն նկատելով, որոշած է նիւթական մտահոգութիւններէ զերծ պահել մեր մայրերը, որպէսզի անոնց զաւակները ուսանին ու յառաջիկային նպաստեն մեր ընկերային եւ մշակութային կեանքի վերելքին:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց թեմի առաջնորդը, որ մխիթարական խօսքերով յորդորեց այն մայրերը, որոնց «կեանքի բաժինը եղաւ շատ տառապանք ու քիչ վայելք, սակայն այդ կեանքը կը շարունակէ ջերմանալ իրենց զաւակներուն հանդէպ տածած սիրոյ զգացումով»: Իր խօսքին մէջ սրբազանը նշեց, թէ Ազգային իշխանութիւնը կոչուած է անվերապահ հոգածութեամբ եւ սիրով ծառայելու իր զաւակներուն:
Առաջնորդը գոհունակութիւն յայտնեց պատսպարանի եւ անոր ծառայող խաչուհիներու հաւատարմութեան եւ օրինապահութեան համար: Ապա գնահատեց Ազգային պատսպարանին ձեռնարկած նոր ծրագիրն ու խոստացաւ նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ ապահովել սաներու բարեկեցութիւնը: